Galatians 5
Armenian, Western NT
Translation: WESTERNARMENIAN
Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources
1Ուստի հաստատո՛ւն կեցէք այն ազատութեամբ՝ որով Քրիստոս ազատեց մեզ, եւ դարձեալ ստրկութեան լուծին տակ մի՛ կաշկանդուիք:Select Galatians 5:1
2Ահա՛ ես՝ Պօղոս, ձեզի կ՚ըսեմ. «Եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ունենայ ձեզի»:Select Galatians 5:2
3Եւ ամէն թլփատուող մարդու դարձեալ կը վկայեմ թէ պարտաւոր է գործադրել ամբո՛ղջ Օրէնքը:Select Galatians 5:3
4Քրիստոս ոչինչ դարձած է ձեզի համար, այսինքն ձեզմէ բոլոր անոնց՝ որ Օրէնքո՛վ արդարանալ կ՚ուզեն: Դուք շնորհքէն ինկած էք,Select Galatians 5:4
5որովհետեւ մենք Հոգիին միջոցով կը սպասենք հաւատքո՛վ եղած արդարութեան յոյսին:Select Galatians 5:5
6Արդարեւ Քրիստոս Յիսուսի մէջ եղողին՝ ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւա՛տքը՝ որ կը ներգործէ սիրով:Select Galatians 5:6
7Դուք լաւ կը վազէիք. ո՞վ կասեցուց ձեզ՝ որ ճշմարտութեան չանսաք:Select Galatians 5:7
8Այս դրդումը անկէ չէ՝ որ ձեզ կանչեց:Select Galatians 5:8
9Քիչ մը խմորը ամբո՛ղջ զանգուածը կը խմորէ:Select Galatians 5:9
10Բայց ես ձեր մասին համոզուած եմ Տէրոջմով, թէ բնա՛ւ ուրիշ կերպ պիտի չմտածէք: Իսկ ա՛ն որ ձեզ կը վրդովէ՝ ո՛վ որ ըլլայ՝ պիտի կրէ իր դատապարտութիւնը:Select Galatians 5:10
11Սակայն, եղբայրնե՛ր, ա՛լ ինչո՞ւ կը հալածուիմ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ. ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը ոչնչացա՞ծ է:Select Galatians 5:11
12Երանի՜ թէ նոյնիսկ կտրուէին անո՛նք՝ որ ձեզ տակնուվրայ կ՚ընեն:Select Galatians 5:12
13Որովհետեւ դուք ազատութեա՛ն կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմինի ցանկութիւններու առիթ չըլլայ, հապա սիրո՛վ իրարու ծառայեցէք:Select Galatians 5:13
14Քանի որ ամբողջ Օրէնքը սա՛ մէկ խօսքին մէջ կը գործադրուի. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս»:Select Galatians 5:14
15Բայց եթէ զիրար խածնէք եւ լափէք, զգուշացէ՛ք որ իրարմէ չսպառիք:Select Galatians 5:15
16Ուստի սա՛ կ՚ըսեմ. «Հոգիո՛վ ընթացէք, ու մարմինին ցանկութիւնը պիտի չգործադրէք»:Select Galatians 5:16
17Որովհետեւ մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ, ու Հոգին՝ մարմինին հակառակ. եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որպէսզի չընէք ի՛նչ որ ուզէք:Select Galatians 5:17
18Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ Օրէնքին տակ չէք ըլլար:Select Galatians 5:18
19Մարմինին գործերը բացայայտ են. անոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, անմաքրութիւն, ցոփութիւն,Select Galatians 5:19
20կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, երկպառակութիւն, մրցակցութիւններ, զայրոյթ, հակառակութիւն, խռովութիւն, հերձուածներ,Select Galatians 5:20
21չար նախանձներ, մարդասպանութիւններ, արբեցութիւններ, զեխութիւններ եւ ինչ որ ասոնց նման է. որոնց մասին կանխաւ կ՚ըսեմ ձեզի, ինչպէս ժամանակին ալ ըսած եմ, թէ այսպիսի բաներ ընողները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը:Select Galatians 5:21
22Բայց Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն,Select Galatians 5:22
23քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ Օրէնք չկայ:Select Galatians 5:23
24Անոնք որ Քրիստոսիններն են, իրենց մարմինը խաչեցին՝ բնական կիրքերուն ու ցանկութիւններուն հետ:Select Galatians 5:24
25Եթէ Հոգիով կ՚ապրինք՝ նաեւ ընթանա՛նք Հոգիին համաձայն:Select Galatians 5:25
26Սնափառ չըլլա՛նք՝ զիրար գրգռելով եւ իրարու նախանձելով:Select Galatians 5:26
Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation