Skip to content
Church.wiki
2 Corinthians

2 Corinthians 12

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1Պարծենալ՝ ի՛րապէս օգտակար չէ ինծի. սակայն պիտի գամ Տէրոջ տեսիլքներուն եւ յայտնութիւններուն:Select 2 Corinthians 12:1

2Կը ճանչնամ մարդ մը Քրիստոսով՝ աւելի քան տասնչորս տարի առաջ. (արդեօք մարմինո՞վ էր, չեմ գիտեր. արդեօք մարմինէն դո՞ւրս էր, չեմ գիտեր. Աստուա՛ծ գիտէ.) այդպիսի մէկը յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը:Select 2 Corinthians 12:2

3Եւ գիտեմ թէ այդպիսի մարդ մը, (արդեօք մարմինո՞վ էր թէ մարմինէն դուրս էր, չեմ գիտեր, Աստուա՛ծ գիտէ,)Select 2 Corinthians 12:3

4յափշտակուեցաւ դրախտը ու լսեց անճառելի խօսքեր, որոնց մասին մարդու մը համար արտօնուած չէ խօսիլ:Select 2 Corinthians 12:4

5Ես պիտի պարծենամ այդպիսի մէկով. սակայն պիտի չպարծենամ ես ինձմով, բայց միայն իմ տկարութիւններովս:Select 2 Corinthians 12:5

6Որովհետեւ՝ նոյնիսկ եթէ ուզեմ պարծենալ՝ անմիտ պիտի չըլլամ, քանի որ պիտի ըսեմ ճշմարտութիւնը. բայց կը խնայեմ խօսքս՝ որ ո՛չ մէկը իմ վրաս աւելի համարում ունենայ, քան ինչ որ կը տեսնէ իմ վրաս կամ կը լսէ իմ մասիս:Select 2 Corinthians 12:6

7Եւ որպէսզի չափէն աւելի չպանծամ յայտնութիւններուն գերազանցութեամբ, մարմինի փուշ մը տրուեցաւ ինծի, Սատանայի պատգամաւոր մը՝ կռփահարելու համար զիս, որպէսզի չպանծամ չափէն աւելի:Select 2 Corinthians 12:7

8Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջ, որ հեռանայ ինձմէ:Select 2 Corinthians 12:8

9Բայց ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի, որովհետեւ իմ զօրութիւնս կ՚իրագործուի տկարութեան մէջ»: Ուրեմն մեծ հաճոյքով պիտի պարծենամ առաւելապէս իմ տկարութիւններո՛վս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը հանգչի իմ վրաս:Select 2 Corinthians 12:9

10Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու եւ տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ:Select 2 Corinthians 12:10

11Ես անմիտ եղայ պարծենալով. դո՛ւք հարկադրեցիք զիս. որովհետեւ ե՛ս պարտաւոր էի յանձնարարուած ըլլալ ձեզմէ, քանի որ ոչինչո՛վ ետ կը մնամ գերագոյն առաքեալներէն, թէպէտ ես ոչինչ եմ:Select 2 Corinthians 12:11

12Ի՛րապէս առաքեալի մը նշանները գործուեցան ձեր մէջ՝ ամբողջ համբերութեամբ, նշաններով, սքանչելիքներով եւ հրաշքներով:Select 2 Corinthians 12:12

13Որովհետեւ ինչո՞վ ետ մնացիք միւս եկեղեցիներէն, բացի անով՝ որ ես բեռ չեղայ ձեզի: Ներեցէ՛ք ինծի այս անիրաւութիւնը:Select 2 Corinthians 12:13

14Ահա՛ այս երրորդ անգամն է որ պատրաստ եմ գալու ձեզի. բայց բեռ պիտի չըլլամ ձեզի, որովհետեւ կը փնտռեմ ո՛չ թէ ձեր ունեցածը, հապա՝ ձե՛զ: Քանի որ զաւակները պարտաւոր չեն գանձ դիզել ծնողներուն համար, հապա ծնողնե՛րը՝ զաւակներուն համար:Select 2 Corinthians 12:14

15Ու ես մեծ հաճոյքով պիտի ծախսեմ եւ ծախսուիմ ալ ձեզի համար, թէեւ նուազ սիրուիմ ձեզմէ՝ մինչ շա՛տ աւելի կը սիրեմ ձեզ:Select 2 Corinthians 12:15

16Սակայն ա՛յդպէս թող ըլլայ, ես ձեզ չծանրաբեռնեցի. բայց թերեւս մէկը ըսէ թէ խորամանկ ըլլալով՝ նենգութեամբ բռնեցի ձեզ:Select 2 Corinthians 12:16

17Միթէ ձեզ կեղեքեցի՞ ոեւէ մէկուն միջոցով՝ որ ղրկեցի ձեզի:Select 2 Corinthians 12:17

18Աղաչեցի Տիտոսի, ու եղբայր մը ղրկեցի անոր հետ. միթէ Տիտոս կեղեքե՞ց ձեզ: Մենք նոյն հոգիով չընթացա՞նք, նոյն հետքերով չքալեցի՞նք:Select 2 Corinthians 12:18

19Դարձեալ՝ կը կարծէ՞ք թէ մենք մեզ կը ջատագովենք ձեր առջեւ: Մենք Քրիստոսո՛վ կը խօսինք՝ Աստուծո՛յ առջեւ. բայց ամէն բան կ՚ընենք, սիրելիներ, ձեր շինութեան համար:Select 2 Corinthians 12:19

20Որովհետեւ կը վախնամ որ երբ գամ՝ գուցէ չգտնեմ ձեզ ուզածիս պէս, ու ես ալ՝ ձեզի համար՝ գտնուիմ ձեր չուզածին պէս. թերեւս ձեր մէջ ըլլան հակամարտութիւններ, նախանձներ, զայրոյթներ, հակառակութիւններ, բամբասանքներ, բանսարկութիւններ, յոխորտանքներ, խառնակութիւններ:Select 2 Corinthians 12:20

21Թերեւս երբ դարձեալ գամ՝ իմ Աստուածս նուաստացնէ զիս ձեր քով, ու սգամ շատերուն համար՝ որ նախապէս մեղանչած են բայց ապաշխարած չեն իրենց գործած անմաքրութենէն, պոռնկութենէն ու ցոփութենէն:Select 2 Corinthians 12:21

Next: 2 Corinthians 13Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

2 Corinthians

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.