Skip to content
Church.wiki
2 Corinthians

2 Corinthians 9

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1Արդարեւ աւելորդ է որ գրեմ ձեզի՝ սուրբերուն սպասարկութեան մասին,Select 2 Corinthians 9:1

2քանի գիտեմ ձեր յօժարութիւնը. անոր մասին կը պարծենամ ձեզմով Մակեդոնացիներուն առջեւ, ըսելով թէ Աքայիացիները անցեալ տարուընէ պատրաստուած էին. ու ձեր նախանձախնդրութիւնը դրդեց շատ շատերը:Select 2 Corinthians 9:2

3Սակայն ղրկեցի եղբայրները, որպէսզի ձեզի հանդէպ մեր պարծանքը ընդունայն չըլլայ այս մասին, հապա՝ ինչպէս ըսեր եմ՝ պատրաստուած ըլլաք.Select 2 Corinthians 9:3

4որպէսզի՝ երբ Մակեդոնացիները գան ինծի հետ եւ անպատրաստ գտնեն ձեզ՝ մենք (որ չըսենք՝ դո՛ւք) ամօթահար չըլլանք այս նոյն պարծանքին վստահութեան համար:Select 2 Corinthians 9:4

5Ուրեմն հարկաւոր համարեցի յորդորել եղբայրները, որ նախապէս գան ձեզի ու կանխաւ համախմբեն ձեր նախապէս ծանուցանած առատաձեռնութիւնը, որպէսզի ան պատրաստ ըլլայ իբր առատաձեռնութիւն, ո՛չ թէ իբր ագահութիւն:Select 2 Corinthians 9:5

6Բայց սա՛ գիտցէք, թէ ա՛ն որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով ալ պիտի հնձէ, եւ ա՛ն որ առատաձեռնութեամբ կը սերմանէ՝ առատաձեռնութեամբ պիտի հնձէ:Select 2 Corinthians 9:6

7Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ ինչպէս որոշած է իր սիրտին մէջ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ հարկադրաբար. որովհետեւ Աստուած կը սիրէ ցնծութեամբ տուողը:Select 2 Corinthians 9:7

8Եւ Աստուած կարող է բոլոր շնորհքներով ճոխացնել ձեզ, որպէսզի դուք՝ ամէն բանի մէջ ամէն ատեն լման ինքնաբաւութիւն ունենալով՝ ճոխանաք ամէն բարի գործով,Select 2 Corinthians 9:8

9ինչպէս գրուած է. «Սփռեց եւ աղքատներուն տուաւ. անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»:Select 2 Corinthians 9:9

10Ուրեմն ա՛ն՝ որ սերմ կը հայթայթէ սերմնացանին, կերակուրի համար հաց հայթայթէ ձեզի ու բազմացնէ ձեր հունտը՝՝, եւ աճեցնէ ձեր արդարութեան պտուղները:Select 2 Corinthians 9:10

11Ամէն բանի մէջ հարստացած էք ամէն տեսակ առատաձեռնութեամբ, ինչ որ մեր միջոցով շնորհակալութիւն կը գոյացնէ Աստուծոյ հանդէպ.Select 2 Corinthians 9:11

12որովհետեւ այս պաշտօնին սպասարկումը ո՛չ միայն կը լրացնէ սուրբերուն պակասը, այլ նաեւ կը ճոխանայ շատ շնորհակալութիւններով՝ ուղղուած Աստուծոյ:Select 2 Corinthians 9:12

13Այս սպասարկութեան փորձառութեամբ անոնք պիտի փառաւորեն Աստուած՝ Քրիստոսի աւետարանին ձեր դաւանած ենթարկումին համար, նաեւ ձեր առատաձեռն հաղորդակցութեան համար՝ անոնց եւ բոլորին հետ.Select 2 Corinthians 9:13

14ու պիտի աղերսեն ձեզի համար, կարօտնալով ձեզ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար՝ որ ձեր մէջ է:Select 2 Corinthians 9:14

15Շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ՝ իր անպատմելի պարգեւին համար:Select 2 Corinthians 9:15

Next: 2 Corinthians 10Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

2 Corinthians

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.