Skip to content
Church.wiki
Colossians

Colossians 2

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1Արդարեւ կ՚ուզեմ որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս մեծ պայքար կը մղեմ ձեզի, Լաւոդիկեցիներուն ու բոլոր անոնց համար՝ որ չեն տեսեր իմ երեսս մարմինով,Select Colossians 2:1

2որպէսզի անոնց սիրտերը մխիթարուին՝ սիրով իրարու կցուած, եւ ըմբռնեն լման վստահութեան ամբողջ ճոխութիւնը, այսինքն գիտակցին Հայր Աստուծոյ ու Քրիստոսի խորհուրդին,Select Colossians 2:2

3որուն մէջ պահուած են իմաստութեան եւ գիտութեան բոլոր գանձերը:Select Colossians 2:3

4Կ՚ըսեմ ասիկա՝ որպէսզի ո՛չ մէկը խաբէ ձեզ հրապուրիչ խօսքերով.Select Colossians 2:4

5որովհետեւ թէպէտ բացակայ եմ մարմինով, ձեզի հետ եմ հոգիով, ու կ՚ուրախանամ՝ տեսնելով ձեր կարգապահութիւնը եւ ձեր հաւատքին ամրութիւնը՝ Քրիստոսի վրայ:Select Colossians 2:5

6Ուրեմն, ի՛նչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը՝ ա՛յնպէս ընթացէք անով,Select Colossians 2:6

7արմատացած ու շինուած անոր վրայ, եւ հաստատուած հաւատքին մէջ՝ ինչպէս սորվեցաք, ու ճոխացէ՛ք անոր մէջ շնորհակալութեամբ:Select Colossians 2:7

8Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը որսայ ձեզ փիլիսոփայութեամբ եւ ունայն խաբէութեամբ, մարդոց աւանդութեան ու աշխարհի սկզբունքներուն համաձայն, եւ ո՛չ թէ Քրիստոսի վարդապետութեան համաձայն.Select Colossians 2:8

9որովհետեւ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը կը բնակի անոր մէջ մարմնապէս,Select Colossians 2:9

10ու դուք ալ ամբողջացած էք անով՝ որ գլուխն է ամէն պետութեան եւ իշխանութեան:Select Colossians 2:10

11Անո՛վ ալ թլփատուեցաք՝ անձեռակերտ թլփատութեամբ, մերկանալով մեղքերու մարմինէն՝՝ Քրիստոսի թլփատութեամբ:Select Colossians 2:11

12Անոր հետ թաղուեցաք մկրտութեամբ, նաեւ անով եւ անոր հետ յարութիւն առիք՝ հաւատալով Աստուծոյ ներգործութեան, որ մեռելներէն յարուցանեց զայն,Select Colossians 2:12

13եւ ձեզի՛ ալ՝ որ ժամանակին մեռած էիք յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմինին անթլփատութեան մէջ՝ կեանք տուաւ անոր հետ: Մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի,Select Colossians 2:13

14եւ մեզի դէմ հրամաններով եղած պարտամուրհակը՝ որ հակառակ էր մեզի՝ ջնջեց, ու մէջտեղէն վերցուց զայն՝ գամելով խաչափայտին վրայ.Select Colossians 2:14

15եւ մերկացուց պետութիւններն ու իշխանութիւնները, եւ հանրութեան նշաւակ դարձուց՝ անով յաղթելով անոնց:Select Colossians 2:15

16Ուրեմն ա՛լ ո՛չ մէկը թող դատէ ձեզ կերակուրի կամ խմելիքի համար, կամ տօներու, ամսագլուխներու կամ Շաբաթներու կապակցութեամբ,Select Colossians 2:16

17որոնք գալիք բաներուն շուքն են. բայց մարմինը Քրիստոսի է:Select Colossians 2:17

18Ո՛չ մէկը ձեզ թող զրկէ ձեր մրցանակէն՝ յօժարակամ խոնարհութեամբ ու հրեշտակներու կրօնով, միջամուխ ըլլալով չտեսած բաներուն, զուր տեղը հպարտանալով իր մարմնաւոր միտքով,Select Colossians 2:18

19եւ չբռնելով գլուխը՝ որմէ ամբողջ մարմինը, յօդերով ու յօդակապերով հայթայթուած եւ իրարու կցուած, կ՚աճի Աստուծոյ աճումով:Select Colossians 2:19

20Ուրեմն, եթէ դուք մեռաք Քրիստոսի հետ՝ այս աշխարհի սկզբունքներուն հանդէպ, ա՛լ ինչո՞ւ՝ աշխարհի մէջ ապրողներու նման՝ ենթակայ կ՚ըլլաք հրամաններու, ինչպէս՝Select Colossians 2:20

21«մի՛ մերձենար, մի՛ համտեսեր, մի՛ դպչիր»,Select Colossians 2:21

22(ասոնք՝ բոլորը գործածութեամբ սահմանուած են ապականութեան,) մարդոց պատուէրներուն ու վարդապետութիւններուն համաձայն:Select Colossians 2:22

23Ասոնք արդարեւ իմաստութեան կերպարանք մը ունին՝ ինքնակամ կրօնով, խոնարհութեամբ եւ մարմինին չխնայելով. բայց արժանի են ո՛չ մէկ պատիւի, հապա կը ծառայեն մարմինը գոհացնելու:Select Colossians 2:23

Next: Colossians 3Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Colossians

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.