2 Thessalonians 2
Armenian, Western NT
Translation: WESTERNARMENIAN
Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources
1Կը թախանձե՛նք ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին եւ անոր քով մեր հաւաքուելուն մասին,Select 2 Thessalonians 2:1
2որ շուտով չսարսիք ձեր միտքին մէջ, ու չվրդովիք՝ ո՛չ հոգիով, ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ նամակով մը՝ իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսի օրը եկած հասած ըլլայ:Select 2 Thessalonians 2:2
3Ո՛չ մէկը թող խաբէ ձեզ որեւէ կերպով. որովհետեւ այդ օրը պիտի չգայ՝ եթէ նախ չգայ ուխտադրժումը ու չյայտնուի մեղքի մարդը, կորուստի որդին,Select 2 Thessalonians 2:3
4որ պիտի հակառակի եւ պանծացնէ ինքզինք ամէն բանէ վեր՝ որ Աստուած կը կոչուի կամ կը պաշտուի. մինչեւ անգամ պիտի բազմի Աստուծոյ տաճարին մէջ՝ ներկայացնելով ինքզինք իբր Աստուած:Select 2 Thessalonians 2:4
5Չէ՞ք յիշեր թէ երբ տակաւին ձեր քով էի, կ՚ըսէի ձեզի այս բաները:Select 2 Thessalonians 2:5
6Եւ հիմա դուք ձեզմէ գիտէք թէ ի՛նչը կը զսպէ՝ որ ինք յայտնուի իր ատենին:Select 2 Thessalonians 2:6
7Որովհետեւ անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը ներգործէ. բայց ա՛ն որ հիմա կը զսպէ, պիտի զսպէ՝ մինչեւ որ ինք վերցուի մէջտեղէն:Select 2 Thessalonians 2:7
8Ա՛յն ատեն պիտի յայտնուի այդ անօրէնը, որ Տէր (Յիսուս) պիտի սպառէ իր բերանին շունչով եւ պիտի ոչնչացնէ իր գալուստին փայլով:Select 2 Thessalonians 2:8
9Անօրէնը պիտի գայ Սատանային ներգործութեամբ՝ ամէն տեսակ հրաշքներով, նշաններով ու սուտ սքանչելիքներով,Select 2 Thessalonians 2:9
10եւ անիրաւութեան ամբողջ խաբէութեամբ, անոնց համար՝ որ կը կորսուին, քանի որ անոնք չընդունեցին ճշմարտութեան սէրը՝ որպէսզի փրկուին:Select 2 Thessalonians 2:10
11Այս պատճառով Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց ազդեցիկ մոլորութիւն մը՝ որ հաւատան ստութեան,Select 2 Thessalonians 2:11
12որպէսզի դատապարտուին բոլոր անոնք՝ որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա յօժարեցան անիրաւութեան:Select 2 Thessalonians 2:12
13Բայց մենք պարտական ենք ամէն ատեն շնորհակալ ըլլալ Աստուծմէ՝ ձեզի համար, Տէրոջմէն սիրուած եղբայրնե՛ր, քանի որ Աստուած սկիզբէն ընտրեց ձեզ փրկութեան համար՝ Հոգիին սրբացումով եւ ճշմարտութեան հաւատքով,Select 2 Thessalonians 2:13
14որուն կանչեց ձեզ մեր աւետարանով, որպէսզի տիրանաք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի փառքին:Select 2 Thessalonians 2:14
15Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, հաստատո՛ւն կեցէք, ու պահեցէ՛ք այն աւանդութիւնները՝ որ սորվեցաք կա՛մ խօսքով, կա՛մ մեր նամակով:Select 2 Thessalonians 2:15
16Եւ մեր Տէրը՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս, ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ սիրեց մեզ եւ տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն ու բարի յոյս՝ շնորհքով,Select 2 Thessalonians 2:16
17թող մխիթարեն ձեր սիրտերը եւ ամրացնեն ձեզ ամէն բարի խօսքի ու գործի մէջ:Select 2 Thessalonians 2:17
Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation