Skip to content
Church.wiki

1 Timothy Chapter 2 Western NT

Pauline epistles · 1 Timothy · Western NT · 15 verses

Verse layout
📝 Overview of this chapter Flow, key verses and people

디모데전서 2장은 바울이 교회의 공적 기도와 예배 질서를 다루는 장이다. 모든 사람과 위정자를 위한 기도, 유일한 중보자 그리스도, 남녀의 기도·단장·배움에 관한 지침이 담겨 있다.

Jump to verse

21 Timothy · Western NT
1Ուրեմն կը յորդորեմ որ ամէն բանէ առաջ աղերսանք, աղօթք, պաղատանք ու շնորհակալութիւն մատուցանէք բոլոր մարդոց համար,
2մա՛նաւանդ թագաւորներուն եւ իշխանաւորներուն համար, որպէսզի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք՝ ամբողջ բարեպաշտութեամբ ու պատկառանքով.
3որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ:
4Ան կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու գան ճշմարտութեան գիտակցութեան. Notes
5քանի որ մէ՛կ Աստուած կայ եւ մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ, Քրիստոս Յիսուս մարդը, Notes
6որ ինքզինք իբր փրկանք ընծայեց բոլորին տեղը՝ յատուկ ատենին վկայութիւն ըլլալու:
7Ես անոր քարոզիչ եւ առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ Քրիստոսով, չեմ ստեր,) ու հեթանոսներուն վարդապետ եղայ՝ հաւատքով եւ ճշմարտութեամբ:
8Ուրեմն կը փափաքիմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով, առանց բարկութեան եւ առարկութեան:
9Նոյնպէս ալ կիները իրենք զիրենք զարդարեն համեստ տարազով, ամօթխածութեամբ եւ խոհեմութեամբ, ո՛չ թէ հիւսուածքներով, ոսկիով, մարգարիտներով կամ մեծածախս պատմուճաններով,
10հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը պատշաճի աստուածպաշտութիւն դաւանող կիներուն:
11Կինը թող սորվի՝ հանդարտ կենալով, բոլորովին ենթարկուելով: Notes
12Բայց կնոջ չեմ արտօներ որ սորվեցնէ, ո՛չ ալ իշխէ այր մարդուն. հապա թող հանդարտ կենայ:
13Որովհետեւ նախ Ադա՛մ կերտուեցաւ, ու յետոյ՝ Եւա. Notes
14եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կի՛նը խաբուելով օրինազանց եղաւ:
15Սակայն ան պիտի փրկուի որդեծնութեամբ, եթէ խոհեմութեամբ յարատեւէ հաւատքի, սիրոյ ու սրբութեան մէջ:

Western NT
Tap a verse to copy, share, highlight or add a note. Dotted words link to encyclopedia articles.

15 verses in this chapter
2 / 6 chapters

The text is Western NT(아르메니아어) — From getbible.net (CrossWire SWORD module) · license: 공개 도메인 (Public Domain) Highlights, notes and read marks stay with the chapter whichever version you read. Dotted words are people, places and terms that have an encyclopedia article (marked once per page). Highlights, notes and read marks are saved only in this browser and gathered under My marks.

Verse commentaries for this chapter 4

Articles mentioning this chapter

More