Skip to content
Church.wiki
Mark

Mark 11

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1Երբ մօտեցան Երուսաղէմի, եւ հասան Բեթփագէ ու Բեթանիա, Ձիթենիներու լերան մօտ, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց՝ ըսելով.Select Mark 11:1

2«Գացէ՛ք այդ ձեր դիմացի գիւղը. անոր մէջ մտնելով՝ իսկոյն պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ մա՛րդ նստած չէ. արձակեցէ՛ք զայն ու բերէ՛ք:Select Mark 11:2

3Եթէ մէկը ըսէ ձեզի. “Այդ ի՞նչ կ՚ընէք”, ըսէ՛ք. “Տէրոջ պէտք է”, եւ իսկոյն հոս պիտի ղրկէ զայն»:Select Mark 11:3

4Գացին ու գտան աւանակը, դուրսը՝ փողոցին մէջ, դրան քով կապուած, եւ արձակեցին զայն:Select Mark 11:4

5Հոն կայնողներէն ոմանք ըսին իրենց. «Ինչո՞ւ կ՚արձակէք այդ աւանակը»:Select Mark 11:5

6Իրենք ալ պատասխանեցին անոնց ինչպէս Յիսուս պատուիրեր էր, եւ թոյլ տուին իրենց:Select Mark 11:6

7Երբ աւանակը բերին Յիսուսի, դրին անոր վրայ իրենց հանդերձները, ու նստաւ անոր վրայ:Select Mark 11:7

8Շատեր իրենց հանդերձները կը փռէին ճամբային վրայ. ուրիշներ ճիւղեր կը կտրէին ծառերէն եւ կը տարածէին ճամբային վրայ:Select Mark 11:8

9Առջեւէն գացողներն ու իրեն հետեւողները կ՚աղաղակէին. «Ովսաննա՜. օրհնեա՜լ է ա՛ն՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով:Select Mark 11:9

10Օրհնեա՜լ է մեր Դաւիթ հօր թագաւորութիւնը՝ որ կու գայ՝՝: Ովսաննա՜ ամենաբարձր վայրերուն մէջ»:Select Mark 11:10

11Յիսուս մտաւ Երուսաղէմ ու գնաց տաճարը: Երբ շուրջը նայեցաւ՝ ամէն բանի վրայ, արդէն իրիկուան ժամը ըլլալուն՝ մեկնեցաւ Բեթանիա տասներկուքին հետ:Select Mark 11:11

12Հետեւեալ օրը՝ երբ կ՚ելլէին Բեթանիայէն՝ անօթեցաւ,Select Mark 11:12

13եւ հեռուէն տեսնելով տերեւալից թզենի մը՝ գնաց, որ թերեւս բան մը գտնէ վրան. բայց երբ գնաց անոր քով, ոչինչ գտաւ՝ տերեւներէն զատ, որովհետեւ դեռ թուզի ատենը չէր:Select Mark 11:13

14Ուստի ըսաւ անոր. «Ասկէ ետք ո՛չ մէկը պտուղ ուտէ քեզմէ յաւիտեան»: Եւ իր աշակերտները լսեցին:Select Mark 11:14

15Երր հասան Երուսաղէմ, տաճարը մտնելով՝ Յիսուս դուրս հանեց տաճարին մէջ ծախողներն ու գնողները, տապալեց լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնի ծախողներուն աթոռները,Select Mark 11:15

16ու թոյլ չտուաւ որ մէ՛կը անօ՛թ մը անցընէ տաճարին մէջէն:Select Mark 11:16

17Եւ սորվեցուց անոնց՝ ըսելով. «Միթէ գրուած չէ՞. “Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն”. բայց դուք զայն աւազակներու քարայր ըրիք»:Select Mark 11:17

18Դպիրներն ու քահանայապետները լսելով ասիկա՝ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս կորսնցնեն զայն, քանի կը վախնային անկէ. որովհետեւ ամբողջ բազմութիւնը ապշած էր անոր ուսուցումին վրայ:Select Mark 11:18

19Երբ իրիկուն եղաւ՝ քաղաքէն դուրս ելաւ:Select Mark 11:19

20Առտուն՝ երբ կ՚անցնէին անկէ, տեսան թզենին՝ արմատէն չորցած:Select Mark 11:20

21Պետրոս վերյիշեց եւ ըսաւ անոր. «Ռաբբի՛, ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցած է»:Select Mark 11:21

22Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Հաւա՛տք ունեցէք Աստուծոյ վրայ:Select Mark 11:22

23Որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ ըսէ այս լերան. "Ելի՛ր ու ծո՛վը նետուէ", եւ չտատամսի իր սիրտին մէջ, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ՚ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր՝ ի՛նչ որ ըսէ”:Select Mark 11:23

24Ուստի կը յայտարարեմ ձեզի. “Ի՛նչ որ կը խնդրէք աղօթքով, հաւատացէ՛ք թէ պիտի ստանաք, ու պիտի ըլլայ ձեզի”:Select Mark 11:24

25Երբ կայնիք աղօթքի, ներեցէ՛ք՝ եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէսզի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները:Select Mark 11:25

26Իսկ եթէ դուք չներէք, ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ պիտի չներէ ձեր յանցանքները»:Select Mark 11:26

27Դարձեալ եկան Երուսաղէմ: Երբ կը քալէր տաճարին մէջ, քահանայապետները, դպիրներն ու երէցները եկան անոր,Select Mark 11:27

28եւ ըսին. «Ի՞նչ իշխանութեամբ կ՚ընես այդ բաները. ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը՝ որ ընես այդ բաները»:Select Mark 11:28

29Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ես ալ ձեզի՛ հարցնեմ բան մը. պատասխանեցէ՛ք ինծի, ու ես պիտի ըսեմ ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները:Select Mark 11:29

30“Յովհաննէսի մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ”: Պատասխանեցէ՛ք ինծի»:Select Mark 11:30

31Անոնք կը մտածէին իրենց մէջ՝ ըսելով. «Եթէ պատասխանենք. “Երկինքէն”, պիտի ըսէ. “Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր”:Select Mark 11:31

32Իսկ եթէ պատասխանենք. “Մարդոցմէ”բ »: Կը վախնային ժողովուրդէն, որովհետեւ բոլորը ի՛րապէս մարգարէ կը նկատէին՝՝ Յովհաննէսը:Select Mark 11:32

33Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի. «Չենք գիտեր»: Յիսուս ալ պատասխանեց անոնց. «Ես ալ չեմ ըսեր ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները»:Select Mark 11:33

Next: Mark 12Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Mark

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.