Skip to content
Church.wiki
1 Peter

1 Peter 5

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1Կը յորդորեմ ձեր մէջ եղող երէցները, ե՛ս ալ ըլլալով երէց իրենց պէս, Քրիստոսի չարչարանքներուն վկայ, նաեւ հաղորդակից այն փառքին՝ որ պիտի յայտնուի.-Select 1 Peter 5:1

2հովուեցէ՛ք Աստուծոյ հօտը՝ որ ձեր մէջ է, տեսուչ ըլլալով՝ ո՛չ թէ հարկադրաբար, հապա՝ կամովին. ո՛չ թէ ամօթալի շահախնդրութեամբ, հապա՝ յօժարութեամբ.Select 1 Peter 5:2

3ո՛չ ալ տիրապետելով թեմին վրայ, հապա՝ տիպար ըլլալով հօտին.Select 1 Peter 5:3

4ու երբ Հովուապետը երեւնայ, պիտի ստանաք փառքի անթառամ պսակը:Select 1 Peter 5:4

5Նմանապէս դո՛ւք, դեռատինե՛ր, հպատակեցէ՛ք տարեցներուն: Բոլորդ իրարու հպատակելով՝ խոնարհութի՛ւն հագէք. որովհետեւ «Աստուած կ՚ընդդիմանայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն»:Select 1 Peter 5:5

6Ուրեմն խոնարհեցէ՛ք Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ, որպէսզի ժամանակին բարձրացնէ ձեզ:Select 1 Peter 5:6

7Ձեր ամէն հոգը ձգեցէ՛ք անոր վրայ, որովհետեւ ան կը հոգայ ձեզ:Select 1 Peter 5:7

8Զգա՛ստ եղէք, արթո՛ւն կեցէք. որովհետեւ ձեր ոսոխը՝ Չարախօսը՝ կը շրջի մռնչող առիւծի պէս, փնտռելով թէ ո՛վ կլլէ:Select 1 Peter 5:8

9Դիմադրեցէ՛ք անոր՝ ամուր հաւատքով, գիտնալով թէ ձեր եղբայրնե՛րն ալ աշխարհի մէջ կը կրեն նոյն չարչարանքները:Select 1 Peter 5:9

10Եւ ամէն շնորհքի Աստուածը, որ իր յաւիտենական փառքին կանչեց մեզ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով, ձեզ կատարեալ պիտի ընէ, ամրացնէ, ուժովցնէ եւ անսասան հիմերու վրայ դնէ, երբ չարչարուիք քիչ մը ատեն:Select 1 Peter 5:10

11Իրե՛ն են փառքը եւ զօրութիւնը դարէ դար՝՝: Ամէն:Select 1 Peter 5:11

12Սիղուանոսի միջոցով, որ՝ ինչպէս կը սեպեմ՝ հաւատարիմ եղբայր մըն է, գրեցի ձեզի համառօտաբար, յորդորելով ու վկայելով թէ ա՛յս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցած էք:Select 1 Peter 5:12

13Կը բարեւէ ձեզ Բաբելոնի մէջ եղած եկեղեցին, որ ընտրուած է ձեզի հետ, նաեւ Մարկոս՝ իմ որդիս:Select 1 Peter 5:13

14Բարեւեցէ՛ք զիրար սիրոյ համբոյրով: Խաղաղութի՜ւն ձեր բոլորին՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էք: Ամէն:Select 1 Peter 5:14

Next: 2 Peter 1Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

1 Peter

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.