Philippians 4
Armenian, Western NT
Translation: WESTERNARMENIAN
Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources
1Հետեւաբար, սիրելի ու կարօտալի եղբայրնե՛րս, իմ ուրախութիւնս ու պսակս, ա՛յսպէս հաստատուն կեցէք Տէրոջմով, սիրելինե՛րս:Select Philippians 4:1
2Կ՚աղաչե՛մ Եւոդիայի ու կ՚աղաչե՛մ Սիւնտիքի, որ ունենան միեւնոյն մտածումը Տէրոջմով:Select Philippians 4:2
3Եւ կը խնդրեմ քեզմէ՛ ալ, իմ հարազատ լծակիցս, օգնէ՛ ասոնց՝ որ աւետարանին համար մարտնչեցան ինծի հետ, նաեւ Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ, որոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ են:Select Philippians 4:3
4Ամէ՛ն ատեն ուրախացէք Տէրոջմով. դա՛րձեալ կ՚ըսեմ, ուրախացէ՛ք:Select Philippians 4:4
5Ձեր ազնուութիւնը թող յայտնի ըլլայ բոլոր մարդոց. Տէրը մօտ է:Select Philippians 4:5
6Մի՛ մտահոգուիք որեւէ բանի համար. հապա ամէն բանի մէջ՝ աղօթքով ու աղերսանքով, շնորհակալութեամբ միասին, գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ.Select Philippians 4:6
7եւ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ գերիվեր է, պիտի պահպանէ ձեր սիրտերն ու մտածումները՝ Յիսուս Քրիստոսով:Select Philippians 4:7
8Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ՝ պատկառելի, ինչ որ՝ արդար, ինչ որ՝ անկեղծ, ինչ որ՝ սիրալիր, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութեամբ եւ ինչ որ գովելի է, ատո՛նց մասին մտածեցէք:Select Philippians 4:8
9Ինչ որ սորվեցաք, ընդունեցիք, լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս՝ զանո՛նք ըրէք, եւ խաղաղութեան Աստուածը պիտի ըլլայ ձեզի հետ:Select Philippians 4:9
10Մեծապէս ուրախացայ Տէրոջմով, որ հիմա վերջապէս նորոգուեցաւ իմ վրաս ձեր ունեցած մտածմունքը, ինչպէս կը մտածէիք ալ, սակայն պատեհութիւն չունէիք:Select Philippians 4:10
11Կարօտութեան համար չէ որ կ՚ըսեմ. որովհետեւ ես սորվեցայ ինքնաբաւ ըլլալ իմ եղած վիճակիս մէջ:Select Philippians 4:11
12Թէ՛ գիտեմ նուաստանալ, թէ՛ ալ գիտեմ առատութեան մէջ ըլլալ: Ամէն բանի մէջ՝ ամէն կերպով վարժուած եմ թէ՛ կշտանալ, թէ՛ ալ անօթենալ, թէ՛ առատութեան եւ թէ կարօտութեան մէջ ըլլալ:Select Philippians 4:12
13Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զօրացուց զիս:Select Philippians 4:13
14Սակայն լաւ ըրիք՝ որ հաղորդակից եղաք տառապանքիս:Select Philippians 4:14
15Դո՛ւք ալ գիտէք, Փիլիպպեցինե՛ր, թէ աւետարանին քարոզութեան սկիզբը, երբ մեկնեցայ Մակեդոնիայէն, ո՛չ մէկ եկեղեցի հաղորդակից եղաւ ինծի՝ տալու եւ ընդունելու համար, հապա միայն դո՛ւք.Select Philippians 4:15
16որովհետեւ նոյնիսկ մինչեւ Թեսաղոնիկէ ղրկեցիք ինծի պէտք եղածը՝ մէկ-երկու անգամ:Select Philippians 4:16
17Ես կը փնտռեմ ո՛չ թէ նուէր, հապա կը փնտռեմ պտուղ, որ աւելնայ ձեր հաշիւին վրայ:Select Philippians 4:17
18Իսկ ես ամէն բան ունիմ, եւ առատօրէն. լիացած եմ՝ ստանալով Եպափրոդիտոսի միջոցով ձեր ղրկածները, որ անուշաբոյր հոտ մըն է, ընդունելի զոհ մը, հաճելի՝ Աստուծոյ:Select Philippians 4:18
19Եւ իմ Աստուածս պիտի լեցնէ ձեր բոլոր կարիքները՝ իր ճոխութեան համեմատ, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով:Select Philippians 4:19
20Ուրեմն փա՜ռք Աստուծոյ ու մեր Հօր՝ դարէ դար՝՝: Ամէն:Select Philippians 4:20
21Բարեւեցէ՛ք բոլոր սուրբերը Յիսուս Քրիստոսով:Select Philippians 4:21
22Կը բարեւեն ձեզ ինծի հետ եղող եղբայրները:Select Philippians 4:22
23Կը բարեւեն ձեզ բոլոր սուրբերը, մա՛նաւանդ անոնք՝ որ Կայսրին տունէն են: Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն:Select Philippians 4:23
Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation