Skip to content
Church.wiki
Acts

Acts 13

Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN
Start reading

1Քանի մը մարգարէներ ու վարդապետներ կային Անտիոք եղող եկեղեցիին մէջ.- Բառնաբաս, Շմաւոն՝ որ Նիգեր կը կոչուէր, Ղուկիոս Կիւրենացին, Մանայէն՝ Հերովդէս չորրորդապետին սննդակիցը, եւ Սօղոս:Select Acts 13:1

2Մինչ անոնք Տէրոջ պաշտօն կը կատարէին ու ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը՝ այն գործին համար, որուն ես կանչած եմ զանոնք»:Select Acts 13:2

3Ուստի՝ ծոմ պահելով ու աղօթելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ եւ ուղարկեցին:Select Acts 13:3

4Անոնք ալ Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ Սելեւկիա իջան, եւ անկէ նաւարկեցին դէպի Կիպրոս:Select Acts 13:4

5Հասնելով Սաղամինա՝ կը հռչակէին Աստուծոյ խօսքը Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ. Յովհաննէս ալ կը սպասաւորէր իրենց:Select Acts 13:5

6Շրջելով այդ (ամբողջ) կղզին մինչեւ Պափոս՝ գտան մոգ մը, Հրեայ սուտ մարգարէ մը, որուն անունը Բարեյեսու էր.Select Acts 13:6

7ան փոխ-հիւպատոսին հետ էր, որ կը կոչուէր Սերգիոս Պօղոս, խելացի մարդ մը: Ասիկա՝ կանչելով Բառնաբասը եւ Սօղոսը՝ ուզեց լսել Աստուծոյ խօսքը:Select Acts 13:7

8Սակայն անոնց ընդդիմացաւ Եղիմաս մոգը (որովհետեւ ա՛յսպէս կը թարգմանուի անոր անունը), որ կը ջանար խոտորեցնել փոխ-հիւպատոսը հաւատքէն:Select Acts 13:8

9Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ակնապիշ նայեցաւ անորSelect Acts 13:9

10ու ըսաւ. «Ո՛վ ամէն նենգութեամբ եւ ամէն չարագործութեամբ լեցուն Չարախօսի՛ որդի, թշնամի ամբողջ արդարութեան, պիտի չդադրի՞ս խեղաթիւրելէ Տէրոջ ուղիղ ճամբաները:Select Acts 13:10

11Ահա՛ հիմա Տէրոջ ձեռքը քու վրադ է. կոյր պիտի ըլլաս եւ ատեն մը պիտի չտեսնես արեւը»: Անմի՛ջապէս մթութիւն ու խաւար իջաւ անոր վրայ, եւ շրջելով մէկը կը փնտռէր՝ որ ձեռքէն բռնելով տանէր զինք:Select Acts 13:11

12Այն ատեն փոխ-հիւպատոսը հաւատաց՝ երբ տեսաւ կատարուածը, մեծապէս ապշելով Տէրոջ ուսուցումին վրայ:Select Acts 13:12

13Պօղոս եւ իր ընկերակիցները նաւարկեցին Պափոսէն, ու գացին Պամփիւլիայի Պերգէն. բայց Յովհաննէս՝ զատուելով անոնցմէ՝ վերադարձաւ Երուսաղէմ:Select Acts 13:13

14Անոնք ալ գացին Պերգէէն եւ հասան Պիսիդիայի Անտիոքը, ու Շաբաթ օրը մտնելով ժողովարանը՝ նստան:Select Acts 13:14

15Օրէնքին եւ Մարգարէներուն կարդացուելէն ետք՝ ժողովարանին պետերը մարդ ղրկեցին իրենց ու ըսին. «Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք յորդորական խօսք մը ունիք ժողովուրդին՝ ըսէ՛ք»:Select Acts 13:15

16Ուստի Պօղոս կանգնեցաւ, եւ շարժելով ձեռքը՝ ըսաւ. «Իսրայելացի՛ մարդիկ, ու դո՛ւք՝ որ կը վախնաք Աստուծմէ, մտի՛կ ըրէք:Select Acts 13:16

17Այս ժողովուրդին՝ Իսրայէլի Աստուածը ընտրեց մեր հայրերը, բարձրացուց ժողովուրդը՝ երբ անոնք պանդխտացած էին Եգիպտոսի երկրին մէջ, եւ զօրաւոր բազուկով դուրս հանեց զանոնք:Select Acts 13:17

18Գրեթէ քառասուն տարի կերակրեց զանոնք անապատին մէջ:Select Acts 13:18

19Քանանի երկրին մէջ, բնաջնջելով եօթը ազգ, անոնց երկիրը տուաւ իրենց՝ որ ժառանգեն:Select Acts 13:19

20Անկէ ետք՝ գրեթէ չորս հարիւր յիսուն տարի՝ դատաւորներ տուաւ իրենց, մինչեւ Սամուէլ մարգարէն:Select Acts 13:20

21Յետոյ թագաւոր ուզեցին, եւ Աստուած տուաւ իրենց Կիսի որդին՝ Սաւուղը, Բենիամինի տոհմէն մարդ մը, քառասուն տարի:Select Acts 13:21

22Երբ պաշտօնէ հեռացուց զայն, Դաւիթը նշանակեց իրենց վրայ իբր թագաւոր, որուն մասին վկայելով՝ ըսաւ. «Յեսսէի որդին՝ Դաւիթը գտայ, իմ սիրտիս համաձայն մարդ մը, որ պիտի գործադրէ իմ ամբողջ կամքս»:Select Acts 13:22

23Ասո՛ր զարմէն Աստուած՝ իր խոստումին համաձայն՝ հանեց Իսրայէլի Փրկիչ մը, Յիսուսը:Select Acts 13:23

24Դեռ ան չեկած, Յովհաննէս նախապէս քարոզեց ապաշխարութեան մկրտութիւնը՝ Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդին:Select Acts 13:24

25Երբ Յովհաննէս կը լրացնէր իր ընթացքը՝ ըսաւ. “Ո՞վ կը կարծէք՝ թէ եմ. ես Քրիստոսը չեմ, հապա ահա՛ իմ ետեւէս կու գայ մէկը՝ որուն ոտքերուն կօշիկները քակելու արժանի չեմ”:Select Acts 13:25

26Մարդի՛կ եղբայրներ, Աբրահամի ցեղին որդինե՛ր, այս փրկութեան խօսքը ղրկուեցաւ ձեզի՛, եւ անոնց՝ որ ձեր մէջ աստուածավախ են:Select Acts 13:26

27Քանի որ Երուսաղէմ բնակողները եւ անոնց պետերը՝ ո՛չ զայն ճանչցան, ո՛չ ալ մարգարէներուն ձայները՝ որոնք կը կարդացուին ամէն Շաբաթ օր. բայց իրագործեցին գրուածները՝ դատելով զայն:Select Acts 13:27

28Թէպէտ չգտան մահուան արժանի պատճառ մը, խնդրեցին Պիղատոսէն՝ որ ան սպաննուի:Select Acts 13:28

29Երբ գործադրեցին ամէն ինչ որ գրուած էր անոր մասին, վար իջեցնելով փայտէն՝ դրին գերեզմանի մը մէջ:Select Acts 13:29

30Բայց Աստուած մեռելներէն յարուցանեց զայն:Select Acts 13:30

31Ան շատ օրեր երեւցաւ անոնց՝ որ Գալիլեայէն Երուսաղէմ ելեր էին իրեն հետ. անոնք են հիմա իր վկաները ժողովուրդին առջեւ:Select Acts 13:31

32Մե՛նք ալ կ՚աւետենք ձեզի այն խոստումը՝ որ եղած էր հայրերուն.Select Acts 13:32

33Աստուած իրագործեց զայն մեզի համար՝ որ անոնց զաւակներն ենք, յարուցանելով Յիսուսը՝ ինչպէս գրուած ալ է երկրորդ Սաղմոսին մէջ. “Դուն իմ Որդիս ես, ա՛յսօր ծնայ քեզ”:Select Acts 13:33

34Ան սա՛ կ՚ըսէ զինք մեռելներէն յարուցանելու մասին՝ որ անգա՛մ մըն ալ ապականութեան չվերադառնայ. “Ձեզի պիտի տամ Դաւիթի մնայուն կարեկցութիւնները”:Select Acts 13:34

35Այս մասին ուրիշ Սաղմոսի մը մէջ ալ կ՚ըսէ. “Պիտի չթոյլատրես որ քու Սուրբդ ապականութիւն տեսնէ”:Select Acts 13:35

36Որովհետեւ Դաւիթ ննջեց՝ Աստուծոյ ծրագիրով սպասաւորելէ ետք իր սերունդին, դրուեցաւ իր հայրերուն քով եւ ապականութիւն տեսաւ:Select Acts 13:36

37Բայց ա՛ն՝ որ Աստուած յարուցանեց, ապականութիւն չտեսաւ:Select Acts 13:37

38Ուրեմն գիտցէ՛ք, մարդի՛կ եղբայրներ, թէ ասո՛ր միջոցով մեղքերու ներում կը հռչակուի ձեզի,Select Acts 13:38

39եւ թէ իրմո՛վ ամէն հաւատացեալ կ՚արդարանայ այն բոլոր բաներէն՝ որոնցմէ չկրցաք արդարանալ Մովսէսի Օրէնքով:Select Acts 13:39

40Ուրեմն զգուշացէ՛ք, որպէսզի ձեզի չպատահի՝՝ ի՛նչ որ ըսուած է Մարգարէներուն մէջ.Select Acts 13:40

41“Տեսէ՛ք, արհամարհողներ, եւ զարմացէ՛ք ու ոչնչացէ՛ք. որովհետեւ պիտի կատարեմ արարք մը՝ ձեր օրերուն մէջ, այնպիսի արարք մը, որ եթէ մէկը պատմէ ձեզի՝ պիտի չհաւատաք”»:Select Acts 13:41

42Երբ անկէ դուրս ելան՝ կ՚աղաչէին, որ հետեւեալ Շաբաթ ալ քարոզեն իրենց նոյն խօսքերը:Select Acts 13:42

43Երբ ժողովուրդը արձակուեցաւ, Հրեաներէն եւ բարեպաշտ նորահաւատներէն շատեր հետեւեցան Պօղոսի ու Բառնաբասի, որոնք կը խօսէին անոնց հետ եւ կը յորդորէին զանոնք, որ յարատեւեն Աստուծոյ շնորհքին մէջ:Select Acts 13:43

44Հետեւեալ Շաբաթ օրը, գրեթէ ամբողջ քաղաքը հաւաքուեցաւ՝ լսելու Աստուծոյ խօսքը:Select Acts 13:44

45Իսկ Հրեաները՝ երբ տեսան բազմութիւնները՝ լեցուեցան նախանձով, ու դէմ կը խօսէին Պօղոսի ըսածներուն՝ հակաճառելով եւ հայհոյելով:Select Acts 13:45

46Ուստի Պօղոս ու Բառնաբաս համարձակելով ըսին. «Հարկ էր որ Աստուծոյ խօսքը քարոզուէր նախ ձեզի՛. բայց քանի որ կը վանէք զայն ձեզմէ, եւ դուք ձեզ արժանի չէք սեպեր յաւիտենական կեանքի, ահա՛ մենք կը դառնանք հեթանոսներուն:Select Acts 13:46

47Որովհետեւ Տէրը սա՛ պատուիրած է մեզի. “Քեզ իբր լոյս դրի հեթանոսներուն, որպէսզի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս՝ մինչեւ երկրի ծայրերը”»:Select Acts 13:47

48Լսելով ասիկա՝ հեթանոսները կ՚ուրախանային ու կը փառաւորէին Աստուծոյ խօսքը, եւ անոնք որ սահմանուած էին յաւիտենական կեանքին՝ հաւատացին:Select Acts 13:48

49Տէրոջ խօսքը կը տարածուէր ամբողջ երկրամասին մէջ:Select Acts 13:49

50Բայց Հրեաները գրգռեցին բարեպաշտ եւ մեծայարգ կիներն ու քաղաքին գլխաւորները, եւ Պօղոսի ու Բառնաբասի դէմ հալածանք հանելով՝ իրենց հողամասէն դուրս դրին զանոնք:Select Acts 13:50

51Անոնք ալ՝ իրենց ոտքերուն փոշին թօթուելով անոնց դէմ՝ գացին Իկոնիոն.Select Acts 13:51

52իսկ աշակերտները լեցուած էին ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով՝՝:Select Acts 13:52

Next: Acts 14Continue reading

Western NT (WESTERNARMENIAN) · Public Domain

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Acts

Selected verses

Tap another verse to select a range.

Highlight

My Bible

Listen

Uses an English voice provided by your browser.