Skip to content
Church.wiki
Acts

Acts 17

Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN
Start reading

1Ամփիպոլիսէն եւ Ապողոնիայէն անցնելով՝ Թեսաղոնիկէ եկան, ուր Հրեաներուն ժողովարանը կար:Select Acts 17:1

2Պօղոս ալ՝ իր սովորութեան համաձայն՝ մտաւ անոնց մէջ, ու երեք Շաբաթ օրեր խօսեցաւ անոնց հետ Գիրքերուն մասին,Select Acts 17:2

3բացատրելով եւ փաստարկելով անոնց թէ Քրիստոս պէ՛տք է չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր. եւ ըսաւ. “Այս Յիսուսը՝ որ ես կը հռչակեմ ձեզի, Քրիստո՛սն է”:Select Acts 17:3

4Անոնցմէ ոմանք անսացին ու միացան Պօղոսի եւ Շիղայի, նաեւ՝ բարեպաշտ Յոյներէն մեծ բազմութիւն մը. առաջնակարգ կիներէն հաւատացողներն ալ սակաւաթիւ չէին:Select Acts 17:4

5Բայց չանսացող Հրեաները նախանձեցան, եւ քանի մը դատարկապորտ, գռեհիկ մարդիկ առնելով՝ բազմութիւն ժողվեցին, ամբողջ քաղաքին մէջ աղմուկ հանեցին, ու Յասոնի տան վրայ յարձակելով կը փնտռէին զանոնք՝ որ ամբոխին տանին:Select Acts 17:5

6Երբ չգտան զանոնք, Յասոնը եւ քանի մը եղբայրներ քաշկռտելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ՝ գոռալով. «Անոնք որ երկրագունդը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասած են,Select Acts 17:6

7ու Յասոն ընդունած է զանոնք: Ասոնք բոլորը կը գործեն կայսրին հրամաններուն դէմ, ըսելով թէ ուրիշ թագաւոր մը կայ՝ Յիսուս անունով»:Select Acts 17:7

8Բազմութիւնն ու քաղաքապետները վրդովեցան՝ լսելով այս բաները:Select Acts 17:8

9Բայց երբ երաշխիք առին Յասոնէն եւ միւսներէն՝ արձակեցին զանոնք:Select Acts 17:9

10Եղբայրներն ալ իսկոյն՝ գիշերուան մէջ՝ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք հոն հասնելով՝ գացին Հրեաներուն ժողովարանը:Select Acts 17:10

11Ասոնք աւելի ազնիւ էին՝ քան Թեսաղոնիկէի մէջ եղողները. Աստուծոյ խօսքը ընդունեցին լման յօժարութեամբ, եւ ամէն օր կը զննէին Գիրքերը, տեսնելու թէ այդպէ՛ս են այդ բաները:Select Acts 17:11

12Ուստի անոնցմէ շատերը հաւատացին, ու մեծայարգ յոյն կիներէն եւ այր մարդոցմէն հաւատացողներն ալ սակաւաթիւ չէին:Select Acts 17:12

13Բայց երբ թեսաղոնիկեցի Հրեաները գիտցան թէ Բերիայի մէջ ալ Պօղոս հռչակեց Աստուծոյ խօսքը, հո՛ն ալ եկան ու գրգռեցին բազմութիւնը:Select Acts 17:13

14Այն ատեն եղբայրները իսկոյն Պօղոսը ճամբեցին՝ որ երթայ մինչեւ ծովեզերքը, բայց Շիղա եւ Տիմոթէոս մնացին հոն:Select Acts 17:14

15Անոնք որ կը տանէին Պօղոսը՝ հասցուցին զայն մինչեւ Աթէնք, ապա մեկնեցան՝ պատուէր ստանալով Շիղայի ու Տիմոթէոսի համար, որ շուտով գան իրեն:Select Acts 17:15

16Մինչ Աթէնքի մէջ Պօղոս կը սպասէր անոնց, իր հոգին գրգռուած էր իր մէջ, տեսնելով քաղաքը՝ լեցուած կուռքերով:Select Acts 17:16

17Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց, նաեւ ամէն օր հրապարակներուն մէջ՝ անոնց որ հանդիպէր:Select Acts 17:17

18Քանի մը Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներ ալ կը խորհրդակցէին իրեն հետ: Ոմանք կ՚ըսէին. «Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ այս սերմնաքաղը»: Ուրիշներ ալ կ՛ըսէին. «Կը թուի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». որովհետեւ կ՚աւետէր անոնց Յիսուսը եւ յարութիւնը:Select Acts 17:18

19Ուստի առնելով զայն՝ տարին Արիսպագոս ու կ՚ըսէին. «Կրնա՞նք գիտնալ թէ ի՛նչ է այդ նոր ուսուցումը՝ որ դուն կը քարոզես,Select Acts 17:19

20որովհետեւ քանի մը տարօրինակ բաներ լսել կու տաս մեզի՝՝: Ուրեմն կ՚ուզենք գիտնալ թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ ատոնք»:Select Acts 17:20

21(Որովհետեւ բոլոր Աթենացիներուն եւ հոն գաղթած օտարականներուն ժամանցը ուրիշ ոչինչ է, քան նոր բան ըսել կամ լսել:)Select Acts 17:21

22Հետեւաբար Պօղոս կայնեցաւ Արիսպագոսի մէջ եւ ըսաւ. «Աթենացի՛ մարդիկ, կը նշմարեմ թէ ամէն ինչով չափազանց կրօնասէր էք:Select Acts 17:22

23Քանի որ ես շրջելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ գտայ զոհասեղան մը, որուն վրայ գրուած էր. «Անծանօթ Աստուծոյն»: Ուստի ա՛ն՝ որմէ դուք կ՚ակնածիք առանց ճանչնալու, ես զա՛յն կը հռչակեմ ձեզի:Select Acts 17:23

24Աստուած՝ որ ստեղծեց աշխարհը եւ անոր մէջ եղած բոլոր բաները, ի՛նք՝ որ Տէրն է երկինքի ու երկրի, ո՛չ կը բնակի ձեռակերտ տաճարներու մէջ,Select Acts 17:24

25ո՛չ ալ կը խնամուի մարդոց ձեռքով՝ իբր թէ որեւէ բանի կարօտ ըլլար. քանի որ ի՛նք կու տայ բոլորին կեանք, շունչ, եւ ամէն ինչ:Select Acts 17:25

26Մէ՛կ արիւնէ ստեղծեց մարդոց բոլոր ազգերը՝ որպէսզի բնակին ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ, ու սահմանեց նախապէս որոշուած ժամանակները եւ անոնց բնակարանի սահմանները՝ որ փնտռեն Տէրը,Select Acts 17:26

27ու թերեւս գտնեն զինք խարխափելով, թէպէտ մեզմէ իւրաքանչիւրէն ալ հեռու չէ:Select Acts 17:27

28Արդարեւ անո՛վ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն ոմանք ալ ըսին. “Քանի որ մենք անոր ցեղէն իսկ ենք”:Select Acts 17:28

29Ուրեմն՝ Աստուծոյ ցեղէն ըլլալով՝ պէտք չէ կարծենք՝՝ թէ աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, քանդակուած մարդկային արուեստով ու երեւակայութեամբ՝՝:Select Acts 17:29

30Եւ հիմա Աստուած, անտեսելով այս անգիտութեան ժամանակները, ամէնուրեք կը պատուիրէ բոլոր մարդոց՝ որ ապաշխարեն:Select Acts 17:30

31Որովհետեւ սահմանած է օր մը, երբ պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ՝ իր որոշած մարդուն միջոցով. եւ այս մասին հաւաստիք տուաւ բոլորին՝ մեռելներէն յարուցանելով զայն»:Select Acts 17:31

32Երբ լսեցին մեռելներու յարութեան մասին՝ ոմանք ծաղրեցին, իսկ ուրիշներ ըսին. «Այս մասին դարձեալ մտիկ պիտի ընենք քեզի»:Select Acts 17:32

33Այսպէս Պօղոս մեկնեցաւ անոնց մէջէն:Select Acts 17:33

34Սակայն քանի մը մարդիկ յարեցան իրեն, ու հաւատացին. անոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացին, Դամարիս անունով կին մը, եւ իրենց հետ ուրիշներ:Select Acts 17:34

Next: Acts 18Continue reading

Western NT (WESTERNARMENIAN) · Public Domain

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Acts

Selected verses

Tap another verse to select a range.

Highlight

My Bible

Listen

Uses an English voice provided by your browser.