Skip to content
Church.wiki
Revelation

Revelation 13

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1Տեսայ թէ գազան մը կը բարձրանար ծովէն. ան ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր: Անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ կար, եւ անոր գլուխներուն վրայ՝ հայհոյութեան անուններ:Select Revelation 13:1

2Այդ գազանը նման էր ընձառիւծի. անոր ոտքերը՝ արջի ոտքերու պէս էին, եւ անոր երախը՝ առիւծի երախի պէս: Վիշապը տուաւ անոր իր զօրութիւնը, իր գահն ու մեծ իշխանութիւն:Select Revelation 13:2

3Անոր գլուխներէն մէկը մորթուածի պէս էր. բայց անոր մահացու վէրքը բուժուեցաւ, եւ ամբողջ երկիրը սքանչանալով գազանին հետեւեցաւ՝՝:Select Revelation 13:3

4Անոնք երկրպագեցին վիշապին՝ որ իշխանութիւն տուաւ գազանին, ու երկրպագեցին գազանին՝ ըսելով. «Ո՞վ նման է գազանին. ո՞վ կրնայ պատերազմիլ անոր հետ»:Select Revelation 13:4

5Անոր տրուեցաւ բերան մը՝ մեծ բաներ եւ հայհոյութիւններ խօսող, ու իշխանութիւն տրուեցաւ անոր՝ ընելու իր կամքը քառասուներկու ամիս:Select Revelation 13:5

6Հայհոյութեամբ բացաւ իր բերանը Աստուծոյ դէմ, եւ հայհոյեց անոր անունին, խորանին ու երկինքը բնակողներուն դէմ:Select Revelation 13:6

7Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմելու եւ յաղթելու անոնց: Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր տոհմերուն (եւ ժողովուրդներուն) ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ:Select Revelation 13:7

8Անոր պիտի երկրպագեն բոլոր անոնք որ կը բնակին երկրի վրայ եւ որոնց անունը աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր գրուած չէ մորթուած Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ՝՝:Select Revelation 13:8

9Ո՛վ որ ականջ ունի, թող լսէ:Select Revelation 13:9

10Ա՛ն որ գերեվարէ, ի՛նք գերի պիտի տարուի. ա՛ն որ սուրով սպաննէ, պէտք է որ սուրո՛վ սպաննուի: Հո՛ս է սուրբերուն համբերութիւնն ու հաւատքը:Select Revelation 13:10

11Տեսայ նաեւ ուրիշ գազան մը, որ կը բարձրանար երկրէն. ունէր երկու եղջիւր՝ գառնուկի նման, եւ կը խօսէր վիշապի պէս:Select Revelation 13:11

12Կը վարէր առաջին գազանին ամբողջ իշխանութիւնը՝ անոր առջեւ, ու կը ստիպէր երկիրը եւ անոր բնակիչները՝ որ երկրպագեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը բուժուած էր:Select Revelation 13:12

13Մեծ նշաններ կ՚ընէր, եւ մինչեւ անգամ երկինքէն կրակ կ՚իջեցնէր երկրի վրայ՝ մարդոց առջեւ:Select Revelation 13:13

14Կը մոլորեցնէր երկրի բնակիչները այն նշաններով՝ որ ընելու կարողութիւն տրուած էր իրեն՝ գազանին առջեւ: Կ՚ըսէր երկրի բնակիչներուն որ շինեն պատկերը այն գազանին՝ որ սուրով վիրաւորուած էր բայց ապրեցաւ:Select Revelation 13:14

15Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին:Select Revelation 13:15

16Կը ստիպէր բոլո՛րն ալ, պզտիկ թէ մեծ, հարուստ թէ աղքատ, ազատ թէ ստրուկ, որ դրոշմ ընդունին իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ,Select Revelation 13:16

17որպէսզի ո՛չ մէկը կարենայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ա՛ն՝ որ ունի դրոշմը, կամ գազանին անունը, կամ անոր անունին թիւը:Select Revelation 13:17

18Հո՛ս է իմաստութիւնը. ո՛վ որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը, քանի որ մարդու մը թիւն է, եւ անոր թիւը՝ վեց հարիւր վաթսունվեց է:Select Revelation 13:18

Next: Revelation 14Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Revelation

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.