Skip to content
Church.wiki
Revelation

Revelation 2

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1«Գրէ՛ Եփեսոսի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ ա՛ն՝ որ իր աջ ձեռքին մէջ կը բռնէ եօթը աստղերը, եւ կը շրջի եօթը ոսկիէ աշտանակներուն միջեւ.Select Revelation 2:1

2"Գիտե՛մ քու գործերդ, աշխատանքդ ու համբերութիւնդ, եւ թէ չես կրնար հանդուրժել չարերուն: Փորձեցիր անոնք՝ որ կը հաւաստեն թէ իրենք առաքեալ են, բայց չեն, եւ գտար թէ ստախօս են:Select Revelation 2:2

3Համբերութիւն ունեցար, տառապանք կրեցիր իմ անունիս համար՝՝ ու չթուլցար:Select Revelation 2:3

4Սակայն սա՛ ունիմ քեզի դէմ, որ թողուցիր առաջին սէրդ:Select Revelation 2:4

5Ուրեմն յիշէ՛ թէ ուրկէ՛ ինկար, ապաշխարէ՛, եւ ըրէ՛ առաջին գործերդ. այլապէս՝ շուտո՛վ պիտի գամ քեզի, ու աշտանակդ պիտի շարժեմ իր տեղէն՝ եթէ չապաշխարես:Select Revelation 2:5

6Բայց սա՛ ունիս.- կ՚ատես Նիկողայոսեաններուն գործերը, որ ես ալ կ՚ատեմ"”:Select Revelation 2:6

7Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ կեանքի ծառէն, որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»:Select Revelation 2:7

8«Գրէ՛ նաեւ Զմիւռնիայի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ Առաջինը եւ Վերջինը, որ մեռաւ ու կ՚ապրի՛.Select Revelation 2:8

9"Գիտե՛մ քու գործերդ, տառապանքդ եւ աղքատութիւնդ, (բայց հարուստ ես,) ու հայհոյութիւնը անոնց՝ որ կ՚ըսեն թէ իրենք Հրեայ են, բայց չեն, հապա՝ Սատանայի ժողով:Select Revelation 2:9

10Բնաւ մի՛ վախնար այն չարչարանքներէն՝ որ պիտի կրես. ահա՛ Չարախօսը բանտը պիտի նետէ ձեզմէ ոմանք՝ որպէսզի փորձուիք, եւ տասը օր տառապանք պիտի ունենաք: Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղիր, ու պիտի տամ քեզի կեանքի պսակը"”:Select Revelation 2:10

11Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ պիտի չվնասուի երկրորդ մահէն»:Select Revelation 2:11

12«Գրէ՛ նաեւ Պերգամոնի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ ա՛ն՝ որ ունի սրած երկսայրի թուրը.Select Revelation 2:12

13"Գիտե՛մ քու գործերդ, եւ թէ ո՛ւր կը բնակիս, հո՛ն՝ ուր Սատանայի գահն է. բայց ամուր կը բռնես իմ անունս ու չուրացար իմ հաւատքս, նոյնիսկ այն օրերը՝ երբ Անթիպաս, իմ հաւատարիմ վկաս, սպաննուեցաւ ձեր մէջ՝ ուր Սատանան կը բնակի:Select Revelation 2:13

14Սակայն քեզի դէմ ունիմ քիչ բան մը, քանի որ հոդ ունիս Բաղաամի ուսուցումը պահողներ. ան Բաղակի սորվեցուց գայթակղութիւն դնել Իսրայէլի որդիներուն առջեւ, որպէսզի անոնք ուտեն կուռքերու զոհուածներ ու պոռնկին:Select Revelation 2:14

15Այսպէս՝ դուն ալ ունիս Նիկողայոսեաններուն ուսուցումը պահողներ, որ ես կ՚ատեմ:Select Revelation 2:15

16(Ուստի) ապաշխարէ՛. այլապէս՝ շուտո՛վ պիտի գամ քեզի, եւ պիտի պատերազմիմ անոնց դէմ բերանիս թուրով"”:Select Revelation 2:16

17Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ պահուած մանանայէն. նաեւ պիտի տամ անոր ճերմակ խիճ մը, եւ այդ խիճին վրայ գրուած նոր անուն մը՝ որ ո՛չ մէկը գիտէ, բայց միայն զայն ստացողը»:Select Revelation 2:17

18«Գրէ՛ նաեւ Թիւատիրի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ ունի կրակի բոցի պէս աչքեր, եւ իր ոտքերը նման են ոսկեպղինձի.Select Revelation 2:18

19"Գիտե՛մ քու գործերդ, սէրդ, սպասարկութիւնդ, հաւատքդ ու համբերութիւնդ. եւ թէ քու վերջին գործերդ աւելի շատ են՝ քան առաջինները:Select Revelation 2:19

20Սակայն քեզի դէմ ունիմ բան մը՝՝, որովհետեւ կը թոյլատրես Յեզաբէլի,- ինքզինք մարգարէուհի կոչող այդ կնոջ,- որ մոլորեցնէ իմ ծառաներս եւ սորվեցնէ անոնց պոռնկիլ ու կուռքերու զոհուածներ ուտել:Select Revelation 2:20

21Ես ժամանակ տուի անոր՝ ապաշխարելու իր պոռնկութենէն, բայց չապաշխարեց:Select Revelation 2:21

22Ահա՛ ես մահիճ պիտի նետեմ զայն, իսկ անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ տառապանքի մէջ, եթէ չապաշխարեն իրենց գործերէն:Select Revelation 2:22

23Պիտի մեռցնեմ անոր զաւակները, եւ բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան թէ ես ա՛ն եմ՝ որ կը զննեմ խիղճերն ու սիրտերը. պիտի հատուցանեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին՝ ձեր գործերուն համեմատ:Select Revelation 2:23

24Բայց կ՚ըսեմ ձեզի, Թիւատիրի մէջ եղող միւս բոլորին՝ որ չունին այս ուսուցումը եւ չգիտցան Սատանային խորհուրդները (ինչպէս կ՚ըսեն).- ուրիշ ծանրութիւն պիտի չդնեմ ձեր վրայ,Select Revelation 2:24

25հապա ամո՛ւր բռնեցէք ինչ որ ունիք՝ մինչեւ որ գամ:Select Revelation 2:25

26Եւ ո՛վ որ յաղթէ ու պահէ իմ գործերս մինչեւ վախճանը, անոր իշխանութիւն պիտի տամ անոր ազգերուն վրայ,Select Revelation 2:26

27(եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով. անոնք պիտի փշրուին բրուտի անօթներու պէս.)Select Revelation 2:27

28ինչպէս ես ալ ստացայ իմ Հօրմէս, ու պիտի տամ անոր առտուան աստղը"”:Select Revelation 2:28

29Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»:Select Revelation 2:29

Next: Revelation 3Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Revelation

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.