2 Corinthians 8
Armenian, Western NT
Translation: WESTERNARMENIAN
Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources
1Եղբայրնե՛ր, ձեզի կը տեղեկացնենք Աստուծոյ շնորհքին մասին, որ տրուած է Մակեդոնիայի եկեղեցիներուն.Select 2 Corinthians 8:1
2թէ ի՛նչպէս՝ տառապանքի մեծ փորձի մը մէջ՝ իրենց առատ ուրախութիւնը եւ իրենց ծանր աղքատութիւնը ճոխացան իրենց հարուստ առատաձեռնութեամբ:Select 2 Corinthians 8:2
3Որովհետեւ ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան համեմատ, ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամ ըլլալով,Select 2 Corinthians 8:3
4շատ պնդումով կ՚աղերսէին մեզի՝ որ ընդունինք շնորհքը եւ սուրբերուն համար եղած սպասարկութեան հաղորդակցութիւնը:Select 2 Corinthians 8:4
5Ո՛չ թէ ինչպէս մենք կը յուսայինք, հապա իրենք զիրենք ալ տուին՝ նախ Տէրոջ, ու յետոյ մեզի՝ Աստուծոյ կամքով:Select 2 Corinthians 8:5
6Ա՛յնքան՝ որ աղաչեցինք Տիտոսի, որ ինչպէս ան նախապէս սկսաւ, նոյնպէս նաեւ աւարտէ ձեր մէջ այդ շնորհքն ալ:Select 2 Corinthians 8:6
7Հետեւաբար, ինչպէս դուք ճոխացած էք ամէն բանով, (հաւատքով, խօսքով, գիտութեամբ, ամբողջ փութաջանութեամբ եւ մեզի հանդէպ ձեր տածած սիրով,) ճոխացէ՛ք նաեւ այս շնորհքով:Select 2 Corinthians 8:7
8Կը խօսիմ ո՛չ թէ հրամայելով, հապա՝ ուրիշներուն փութաջանութեան առիթով, ու փորձարկելու համար ձեր սիրոյն անկեղծութիւնը:Select 2 Corinthians 8:8
9Քանի որ դուք գիտէք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, որ թէպէտ հարուստ էր՝ ձեզի համար աղքատ եղաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատանալով:Select 2 Corinthians 8:9
10Եւ այս մասին կարծիք մը կու տամ, որովհետեւ ասիկա օգտակար է ձեզի, դո՛ւք՝ որ նախապէս սկսաք՝ անցեալ տարուընէ՝ ո՛չ միայն ընել, այլ նաեւ կամենալ:Select 2 Corinthians 8:10
11Իսկ հիմա ընե՛լն ալ կատարեցէք, որպէսզի՝ ինչպէս յօժարութիւն կար, նոյնպէս ալ կատարում ըլլայ՝ ձեր ունեցածէն:Select 2 Corinthians 8:11
12Որովհետեւ եթէ նախապէս յօժարութիւն ըլլայ, տալը ընդունելի է՝ մէկու մը ունեցածին համեմատ, եւ ո՛չ թէ չունեցածին համեմատ:Select 2 Corinthians 8:12
13Քանի որ ես չեմ ուզեր որ ուրիշները անդորր ըլլան ու դուք տառապիք.Select 2 Corinthians 8:13
14հապա հաւասարութեամբ՝ հիմա, այս ատեն, ձեր լիութիւնը լրացնէ անոնց պակասը, որպէսզի անոնց լիութիւնն ալ օր մը լրացնէ ձե՛ր պակասը, եւ այսպէս հաւասարութիւն ըլլայ:Select 2 Corinthians 8:14
15Ինչպէս գրուած է. «Անոր որ շատ ժողվեց՝ ոչի՛նչ աւելցաւ, իսկ անոր որ քիչ ժողվեց՝ ոչի՛նչ նուազեցաւ»:Select 2 Corinthians 8:15
16Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ այս նոյն անձկալից փութաջանութիւնը դրաւ Տիտոսի սիրտին մէջ՝ ձեզի համար:Select 2 Corinthians 8:16
17Արդարեւ ան ընդունեց մեր յորդորը. բայց աւելի՛ փութաջան ըլլալով՝ իր իսկ համաձայնութեամբ գնաց ձեզի:Select 2 Corinthians 8:17
18Անոր հետ ղրկեցինք նաեւ այն եղբայրը, որուն գովեստը կ՚ըլլայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ՝ աւետարանին համար:Select 2 Corinthians 8:18
19Եւ ո՛չ միայն այսքան, հապա նաեւ եկեղեցիներէն ընտրուեցաւ իբր մեզի ճամբորդակից՝ այս շնորհքին հետ, որ մենք կը սպասարկենք նոյն Տէրոջ փառքին համար, ու ձեր յօժարութեամբ:Select 2 Corinthians 8:19
20Կը զգուշանայինք որ ո՛չ մէկը մեզ արատաւորէ այս ճոխութեան մէջ, որ կը սպասարկուի մեր միջոցով.Select 2 Corinthians 8:20
21քանի որ կը մտադրէինք ո՛չ միայն Տէրոջ առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ ընել ինչ որ պարկեշտ է:Select 2 Corinthians 8:21
22Անոնց հետ ղրկեցինք մեր եղբայրը, որուն փութաջանութիւնը յաճախ փորձարկած ենք շատ բաներու մէջ, իսկ հիմա ա՛լ աւելի փութաջան է, քանի որ մեծ վստահութիւն ունի ձեր վրայ:Select 2 Corinthians 8:22
23Ինչ կը վերաբերի Տիտոսի, ան հաղորդակիցս է ու ձեր մօտ իմ գործակիցս. իսկ մեր եղբայրները՝ եկեղեցիներէն ղրկուածներն են, եւ Քրիստոսի փառքը:Select 2 Corinthians 8:23
24Ուրեմն ատոնց ու եկեղեցիներուն առջեւ ցո՛յց տուէք ձեր սիրոյն եւ ձեզի հանդէպ մեր պարծանքին ապացոյցը:Select 2 Corinthians 8:24
Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation