2 John 1
Western NT
Translation: WESTERNARMENIAN
1Երէցը՝ ընտրեալ տիկնոջ եւ անոր զաւակներուն, որ կը սիրեմ ճշմարտութեամբ, (ո՛չ միայն ես, այլ նաեւ բոլոր անոնք՝ որ գիտցած են ճշմարտութիւնը,)Select 2 John 1:1
2այն ճշմարտութեան համար՝ որ կը բնակի մեր մէջ ու յաւիտեան պիտի ըլլայ մեզի հետ.Select 2 John 1:2
3ձեզի հետ թող ըլլան շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն՝ Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ, Հօրը Որդիէն, ճշմարտութեամբ եւ սիրով:Select 2 John 1:3
4Մեծապէս ուրախացայ, գտնելով թէ զաւակներէդ ոմանք կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ, այն պատուիրանին համաձայն՝ որ ստացանք Հօրմէն:Select 2 John 1:4
5Հիմա կը թախանձեմ քեզի, տիկի՛ն, որ սիրենք զիրար. կը գրեմ քեզի ո՛չ թէ նոր պատուիրան մը, հապա ա՛ն՝ որ ունէինք սկիզբէն:Select 2 John 1:5
6Սէրը սա՛ է.- ընթանալ անոր պատուիրաններուն համաձայն: Եւ պատուիրանը սա՛ է.- ընթանալ սկիզբէն ի վեր ձեր լսածին համաձայն:Select 2 John 1:6
7Արդարեւ աշխարհ մտած են շատ մոլորեցուցիչներ, որոնք չեն դաւանիր թէ Յիսուս Քրիստոս մարմինով եկաւ: Այսպիսին մոլորեցուցիչ ու նեռ է:Select 2 John 1:7
8Զգուշացէ՛ք դուք ձեզի համար, որ չկորսնցնենք մեր աշխատանքը, հապա ստանանք լման վարձատրութիւն:Select 2 John 1:8
9Ո՛վ որ զանցառու կ՚ըլլայ եւ չի մնար Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, չունի Աստուած: Իսկ ա՛ն որ կը կենայ Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, ունի թէ՛ Հայրը, թէ՛ ալ Որդին:Select 2 John 1:9
10Եթէ մէկը գայ ձեզի ու չբերէ այս ուսուցումը, մի՛ ընդունիք զայն ձեր տունը, եւ մի՛ բարեւէք.Select 2 John 1:10
11որովհետեւ ո՛վ որ բարեւէ զայն՝ կը հաղորդակցի անոր չար գործերուն:Select 2 John 1:11
12Ձեզի գրելիք շատ բան ունէի, բայց չուզեցի գրել թուղթով ու մելանով. քանի որ կը յուսամ գալ ձեզի եւ խօսիլ դէմ առ դէմ, որպէսզի մեր ուրախութիւնը լման ըլլայ:Select 2 John 1:12
13Ընտրեալ քրոջդ զաւակները կը բարեւեն քեզ:Select 2 John 1:13
Western NT (WESTERNARMENIAN) · Public Domain