Skip to content
Church.wiki
Acts

Acts 5

Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN
Start reading

1Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով, իր կնոջ՝ Սափիրայի հետ ստացուածք մը ծախեց,Select Acts 5:1

2անոր հասոյթէն խորեց իր կնոջ գիտակցութեամբ, ու մաս մը բերելով՝ դրաւ առաքեալներու տրամադրութեան տակ՝՝:Select Acts 5:2

3Պետրոս ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան լեցուց սիրտդ, որ ստես Սուրբ Հոգիին եւ խորես արտին հասոյթէն:Select Acts 5:3

4Քուկդ չէ՞ր ան՝ քանի կեցած էր, ու ծախուած ալ՝ իշխանութեանդ տակ էր: Ինչո՞ւ այս բանը դրիր սիրտիդ մէջ. դուն ստեցիր ո՛չ թէ մարդոց, հապա՝ Աստուծոյ»:Select Acts 5:4

5Անանիա՝ լսելով այս խօսքերը՝ ինկաւ եւ շունչը փչեց. ու մեծ վախ համակեց բոլոր անոնք՝՝ որ լսեցին ասիկա:Select Acts 5:5

6Երիտասարդները կանգնեցան, պատանքով փաթթեցին զայն, եւ դուրս հանելով թաղեցին:Select Acts 5:6

7Գրեթէ երեք ժամ ետք՝ անոր կինը ներս մտաւ, չգիտնալով պատահածը:Select Acts 5:7

8Պետրոս ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, արտը ա՞յդ գինով ծախեցիք»: Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, ա՛յդ գինով»:Select Acts 5:8

9Ուստի Պետրոս ըսաւ անոր. «Այդ ի՞նչ է, որ դուք համաձայնեցաք՝ Տէրոջ Հոգին փորձելու. ահա՛ ամուսինդ թաղողներուն ոտքերը դրան քով են, քե՛զ ալ պիտի հանեն դուրս»:Select Acts 5:9

10Եւ անմի՛ջապէս կինը ինկաւ անոր ոտքերուն քով ու շունչը փչեց: Երիտասարդները՝ ներս մտնելով՝ մեռած գտան զայն, եւ դուրս հանելով՝ թաղեցին իր ամուսինին քով:Select Acts 5:10

11Մեծ վախ մը համակեց ամբողջ եկեղեցին, ու բոլոր անոնք՝ որ լսեցին այս բաները:Select Acts 5:11

12Շատ նշաններ եւ սքանչելիքներ կը գործուէին առաքեալներուն ձեռքով՝ ժողովուրդին մէջ, ու բոլորը միաբանութեամբ Սողոմոնի սրահին մէջ էին:Select Acts 5:12

13Ուրիշներէն ո՛չ մէկը կը յանդգնէր յարիլ անոնց, բայց ժողովուրդը կը մեծարէր զանոնք:Select Acts 5:13

14Տէրոջ հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այր մարդիկ ու կիներ՝ բազմութեամբ.Select Acts 5:14

15այնպէս որ հիւանդները կը հանէին հրապարակները եւ կը դնէին պատգարակներով ու մահիճներով, որպէսզի Պետրոսի անցնելու ատեն՝ գոնէ անոր շուքը իյնայ անոնցմէ մէկուն վրայ:Select Acts 5:15

16Շրջակայ քաղաքներուն բազմութիւնը Երուսաղէմ կը համախմբուէր՝ հիւանդներ եւ անմաքուր ոգիներէ տանջուողներ բերելով, որոնք բոլորն ալ կը բուժուէին:Select Acts 5:16

17Իսկ քահանայապետն ու բոլոր իրեն հետ եղողները, որոնք Սադուկեցիներու աղանդէն էին, կանգնեցան՝ նախանձով լեցուած,Select Acts 5:17

18ձեռք բարձրացուցին առաքեալներուն վրայ եւ դրին զանոնք հանրային արգելարանը:Select Acts 5:18

19Բայց Տէրոջ հրեշտակը գիշերուան մէջ բացաւ բանտին դռները, ու դուրս հանելով զանոնք՝ ըսաւ.Select Acts 5:19

20«Գացէ՛ք, եւ տաճարին մէջ կայնելով՝ ժողովուրդին քարոզեցէ՛ք այս կեանքին բոլոր խօսքերը»:Select Acts 5:20

21Երբ լսեցին ասիկա, տաճարը մտան առտուն կանուխ, եւ կը սորվեցնէին: Իսկ քահանայապետը եկաւ, նաեւ իրեն հետ եղողները, ժողովի կանչեցին ատեանը եւ Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ ծերակոյտը, ու մարդ ղրկեցին բանտը՝ որպէսզի բերեն զանոնք:Select Acts 5:21

22Երբ սպասաւորները գացին, չգտնելով զանոնք բանտին մէջ՝ վերադարձան, պատմեցինSelect Acts 5:22

23եւ ըսին. «Իրաւ է թէ գտանք բանտը՝ ամէն ապահովութեամբ գոցուած, ու պահապանները՝ դռներուն առջեւ կայնած. բայց բանալով՝ ո՛չ մէկը գտանք ներսը»:Select Acts 5:23

24Երբ մեծ քահանան եւ տաճարին մեծաւորն ու քահանայապետները լսեցին այս խօսքերը, կը տարակուսէին թէ ի՛նչ եղած էր անոնց:Select Acts 5:24

25Մէկը եկաւ եւ պատմեց իրենց. «Ահա՛ այն մարդիկը՝ որ բանտը դրած էիք, տաճարը կայնած են ու ժողովուրդին կը սորվեցնեն»:Select Acts 5:25

26Այն ատեն մեծաւորը գնաց սպասաւորներուն հետ եւ բերաւ զանոնք առանց բռնութեան, որովհետեւ կը վախնային ժողովուրդէն՝ որ չքարկոծուին:Select Acts 5:26

27Երբ բերին զանոնք՝ ներկայացուցին ատեանին, ու քահանայապետը հարցուց անոնց.Select Acts 5:27

28«Սաստիկ չպատուիրեցի՞նք ձեզի, որ չսորվեցնէք այդ անունով. բայց դուք Երուսաղէմը լեցուցիք ձեր ուսուցումով, եւ կը փափաքիք մեր վրայ բերել այն մարդուն արիւնը»:Select Acts 5:28

29Պետրոս եւ միւս առաքեալները պատասխանեցին. «Աստուծո՛յ պէտք է հնազանդիլ՝ փոխանակ մարդոց:Select Acts 5:29

30Մեր հայրերուն Աստուածը Յիսուսը յարուցանեց, որ դուք սպաննեցիք՝ փայտէն կախելով:Select Acts 5:30

31Աստուած իր աջ ձեռքով բարձրացուց զայն՝ իբր Ռահվիրայ ու Փրկիչ, որպէսզի ապաշխարութիւն ու մեղքերու ներում տայ Իսրայէլի:Select Acts 5:31

32Եւ մենք անոր վկաներն ենք՝ այս բաներուն համար, նաեւ Սուրբ Հոգին՝ որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդ եղողներուն»:Select Acts 5:32

33Իսկ անոնք լսելով ասիկա՝ սաստիկ գրգռուեցան, ու խորհրդակցեցան որ սպաննեն զանոնք:Select Acts 5:33

34Բայց փարիսեցի մը՝ որուն անունը Գամաղիէլ էր, Օրէնքի վարդապետ մը, պատուաւոր մէկը՝ ամբողջ ժողովուրդին առջեւ, կանգնեցաւ ատեանին մէջ, եւ հրամայեց որ առաքեալները կարճ պահ մը դուրս հանեն.Select Acts 5:34

35ապա ըսաւ. «Իսրայելացի՛ մարդիկ, դուք ձեզի ուշադի՛ր եղէք թէ ի՛նչ պիտի ընէք այս մարդոց հանդէպ:Select Acts 5:35

36Քանի որ այս օրերէն առաջ Թեւդաս ելաւ, իր մասին ըսելով թէ երեւելի մէկն է, ու թիւով չորս հարիւրի չափ մարդիկ յարեցան իրեն. ինք սպաննուեցաւ, եւ բոլոր անոնք որ անսացին իրեն՝ ցրուեցան ու ոչնչացան:Select Acts 5:36

37Անկէ ետք Յուդա Գալիլեացին ելաւ՝ աշխարհագիր եղած օրերը, եւ շատ ժողովուրդ քաշեց իր ետեւէն. ի՛նք ալ կորսուեցաւ, ու բոլոր անոնք որ անսացին իրեն՝ ցրուեցան:Select Acts 5:37

38Եւ հիմա կ՚ըսեմ ձեզի. “Հեռո՛ւ մնացէք՝՝ այդ մարդոցմէն, ու թողուցէ՛ք զանոնք. որովհետեւ եթէ այդ ծրագիրը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քանդուի,Select Acts 5:38

39իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար քանդել ատիկա. որպէսզի Աստուծոյ դէմ իսկ կռուող չգտնուիք”»:Select Acts 5:39

40Անոնք ալ անսացին անոր. եւ առաքեալները կանչելով՝ ծեծեցին, ու պատուիրելով որ այլեւս Յիսուսի անունով չխօսին՝ արձակեցին զանոնք:Select Acts 5:40

41Իրենք ալ մեկնեցան ատեանին առջեւէն, ուրախանալով որ արժանացան Տէրոջ անունին համար անպատուուելու:Select Acts 5:41

42Ու ամէն օր տաճարը եւ տուներուն մէջ չէին դադրեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը աւետելէ:Select Acts 5:42

Next: Acts 6Continue reading

Western NT (WESTERNARMENIAN) · Public Domain

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Acts

Selected verses

Tap another verse to select a range.

Highlight

My Bible

Listen

Uses an English voice provided by your browser.