Skip to content
Church.wiki
Galatians

Galatians 1

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1Պօղոս, առաքեալ եղած՝ ո՛չ մարդոցմէ, ո՛չ ալ մարդու միջոցով, հապա Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, եւ Հայր Աստուծոյ՝ որ մեռելներէն յարուցանեց զայն,Select Galatians 1:1

2ու բոլոր եղբայրները՝ որ ինծի հետ են, Գաղատիայի եկեղեցիներուն.Select Galatians 1:2

3շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հայր Աստուծմէ, ու մեր Տէրոջմէն՝ Յիսուս Քրիստոսէ,Select Galatians 1:3

4որ ընծայեց ինքզինք մեր մեղքերուն համար, որպէսզի ազատէ մեզ այս ներկայ չար աշխարհէն՝ Աստուծոյ եւ մեր Հօր կամքին համաձայն,Select Galatians 1:4

5որուն փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն:Select Galatians 1:5

6Կը զարմանամ որ ա՛յդչափ շուտ անցած էք այն աւետարանէն՝ որ կանչեց ձեզ Քրիստոսի շնորհքին, ուրիշ աւետարանի մը.Select Galatians 1:6

7ան ուրիշ աւետարան մը չէ, այլ կան ոմանք՝ որ կը վրդովեն ձեզ, ու կ՚ուզեն խեղաթիւրել Քրիստոսի աւետարանը:Select Galatians 1:7

8Բայց նոյնիսկ եթէ մենք, կամ երկինքէն հրեշտակ մը, քարոզէ ձեզի ուրիշ որեւէ աւետարան՝ քան զայն որ մենք քարոզեցինք ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ:Select Galatians 1:8

9Ինչպէս նախապէս ըսինք, հիմա ալ ես դարձեալ կ՚ըսեմ. «Եթէ մէ՛կը քարոզէ ձեզի ուրիշ որեւէ աւետարան՝ քան զայն որ դուք ընդունեցիք, նզովեա՛լ ըլլայ»:Select Galatians 1:9

10Որովհետեւ հիմա մարդի՞կ կը համոզեմ՝ թէ Աստուած. կամ մարդի՞կ կը ջանամ հաճեցնել: Քանի որ եթէ ես տակաւին մարդիկ հաճեցնէի, ա՛լ Քրիստոսի ծառայ չէի ըլլար:Select Galatians 1:10

11Բայց ձեզի կը ծանուցանեմ, եղբայրնե՛ր, թէ ինձմէ քարոզուած աւետարանը՝ մարդու համաձայն չէ:Select Galatians 1:11

12Որովհետեւ ես զայն ո՛չ մարդէ ընդունեցի, ո՛չ ալ մէկէ մը սորվեցայ, հապա՝ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան միջոցով:Select Galatians 1:12

13Քանի որ դուք լսած էք իմ նախկին վարքիս մասին՝ հրէութեան մէջ, թէ ի՛նչպէս չափէն աւելի կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին, ու կը տապալէի զայն:Select Galatians 1:13

14Եւ հրէութեան մէջ կը յառաջդիմէի՝ աւելի քան իմ ցեղիս մէջ եղած շատ մը հասակակիցներս, գերազանցօրէն աւելի նախանձախնդիր ըլլալով հայրերուս աւանդութիւններուն:Select Galatians 1:14

15Բայց երբ Աստուած, (որ զատեց զիս մօրս որովայնէն եւ կանչեց իր շնորհքին միջոցով,)Select Galatians 1:15

16բարեհաճեցաւ իր Որդին յայտնել ինծի, որպէսզի աւետեմ զայն հեթանոսներուն մէջ, իսկոյն՝ մարմինին եւ արիւնին հետ չխորհրդակցեցայ,Select Galatians 1:16

17ո՛չ ալ Երուսաղէմ ելայ՝ ինձմէ առաջ առաքեալ եղողներուն քով, հապա Արաբիա գացի, ապա դարձեալ Դամասկոս վերադարձայ:Select Galatians 1:17

18Յետոյ՝ երեք տարի ետք՝ Երուսաղէմ ելայ Պետրոսը տեսնելու, եւ տասնհինգ օր անոր հետ կեցայ:Select Galatians 1:18

19Սակայն առաքեալներէն ուրիշ ո՛չ մէկը տեսայ, այլ միայն Յակոբոսը՝ Տէրոջ եղբայրը:Select Galatians 1:19

20Ինչ որ կը գրեմ ձեզի, ահա՛ Աստուծոյ առջեւ կը հաստատեմ, թէ չեմ ստեր:Select Galatians 1:20

21Ապա գացի Սուրիայի ու Կիլիկիայի շրջանները:Select Galatians 1:21

22Ես դէմքով անծանօթ էի Հրէաստանի մէջ եղած Քրիստոսի եկեղեցիներուն.Select Galatians 1:22

23անոնք միայն լսած էին թէ “ա՛ն որ ժամանակին կը հալածէր մեզ, հիմա կ՚աւետէ այն հաւատքը՝ որ ատենօք կը տապալէր”,Select Galatians 1:23

24եւ ինձմով կը փառաւորէին Աստուած:Select Galatians 1:24

Next: Galatians 2Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Galatians

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.