Skip to content
Church.wiki
Hebrews

Hebrews 2

Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN
Start reading

1Ուստի պէտք է ա՛լ աւելի ուշադիր ըլլանք մեր լսած բաներուն, որպէսզի չզրկուինք անոնցմէ:Select Hebrews 2:1

2Որովհետեւ եթէ հրեշտակներուն ըսած խօսքը հաստատուեցաւ, եւ որեւէ օրինազանցութիւն ու անհնազանդութիւն՝ ստացաւ արդար վարձատրութիւն,Select Hebrews 2:2

3մենք ի՞նչպէս զերծ պիտի մնանք՝ եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը հանդէպ, որ սկիզբ առաւ Տէրոջ խօսքով ու մեր մէջ հաստատուեցաւ լսողներուն միջոցով.Select Hebrews 2:3

4Աստուած ալ վկայեց նշաններով եւ սքանչելիքներով, ու զանազան հրաշքներով եւ Սուրբ Հոգիին բաշխումներով՝ իր կամքին համաձայն:Select Hebrews 2:4

5Արդարեւ հրեշտակներուն չհպատակեցուց այն գալիք երկրագունդը՝ որուն մասին մենք կը խօսինք,Select Hebrews 2:5

6հապա մէկը տեղ մը վկայեց եւ ըսաւ. «Մարդը ի՞նչ է՝ որ կը յիշես զայն, կամ մարդու որդին՝ որ կ՚այցելես անոր:Select Hebrews 2:6

7Հրեշտակներէն քիչ մը վար ըրիր զայն. փառքով ու պատիւով պսակեցիր զայն, եւ քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ նշանակեցիր զայն.Select Hebrews 2:7

8ամէն բան հպատակեցուցիր անոր ոտքերուն ներքեւ»: Քանի որ բոլորը հպատակեցուց անոր, անոր դէմ ըմբոստացող ոչինչ թողուց. բայց հիմա բոլորը անոր հպատակած չենք տեսներ:Select Hebrews 2:8

9Սակայն փառքով ու պատիւով պսակուած կը տեսնենք Յիսո՛ւսը, որ հրեշտակներէն քիչ մը վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով մահ համտեսէ բոլորին համար:Select Hebrews 2:9

10Որովհետեւ կը պատշաճէր անոր,- որուն համար է ամէն բան, եւ անո՛վ եղած է ամէն բան,- որ շատ որդիներ փառքի մէջ մտցնելու համար՝ չարչարանքներո՛վ կատարեալ ընէ անոնց փրկութեան Ռահվիրան:Select Hebrews 2:10

11Արդարեւ ա՛ն որ կը սրբացնէ եւ անո՛նք որ կը սրբանան՝ բոլորն ալ մէկէ՛ մըն են: Այս պատճառով ինք ամօթ չի սեպեր եղբայր կոչել զանոնք՝ ըսելով.Select Hebrews 2:11

12«Քու անունդ պիտի հաղորդեմ եղբայրներուս, համախմբումին մէջ պիտի օրհներգեմ քեզի»:Select Hebrews 2:12

13Եւ դարձեալ. «Ես պիտի վստահիմ անոր»: Ու դարձեալ. «Ահա՛ւասիկ ես եւ այն զաւակները՝ որ Աստուած տուաւ ինծի»:Select Hebrews 2:13

14Ուրեմն, քանի որ զաւակները հաղորդակցեցան մարմինին ու արիւնին, ինք ալ նմանապէս բաժնեկից եղաւ անոնց, որպէսզի իր մահով ոչնչացնէ ա՛ն՝ որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Չարախօսը,Select Hebrews 2:14

15եւ ազատէ անոնք՝ որ, մահուան վախով, ենթակայ էին ստրկութեան՝ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին:Select Hebrews 2:15

16Արդարեւ ան կը բռնէ ո՛չ թէ հրեշտակներուն ձեռքը, հապա կը բռնէ Աբրահամի՛ զարմին ձեռքը:Select Hebrews 2:16

17Ուստի պարտաւոր էր բոլորովին նմանիլ իր եղբայրներուն, որպէսզի ըլլար ողորմած ու հաւատարիմ քահանայապետ մը Աստուծոյ քով՝ քաւելու համար ժողովուրդին մեղքերը:Select Hebrews 2:17

18Հետեւաբար կարող է օգնել անոնց՝ որ կը փորձուին, որովհետեւ ինք իսկ չարչարուեցաւ՝ փորձուելով:Select Hebrews 2:18

Next: Hebrews 3Continue reading

Western NT (WESTERNARMENIAN) · Public Domain

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Hebrews

Selected verses

Tap another verse to select a range.

Highlight

My Bible

Listen

Uses an English voice provided by your browser.