Skip to content
Church.wiki
John

John 17

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1Երբ Յիսուս խօսեցաւ ասոնք, բարձրացուց իր աչքերը դէպի երկինք եւ ըսաւ. «Հա՛յր, ժամը հասած է. փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէսզի քու Որդիդ ալ փառաւորէ քեզ,Select John 17:1

2քանի իշխանութիւն տուիր իրեն ամէն մարմինի վրայ, որ տայ յաւիտենական կեանքը բոլոր անոնց՝ որ տուիր իրեն:Select John 17:2

3Եւ սա՛ է յաւիտենական կեանքը.- ճանչնալ քեզ՝ միմիայն ճշմարիտ Աստուածը, ու Յիսուս Քրիստոսը՝ որ դուն ղրկեցիր:Select John 17:3

4Ես փառաւորեցի քեզ երկրի վրայ. աւարտեցի այն գործը՝ որ տուիր ինծի ընելու:Select John 17:4

5Եւ հիմա, Հա՜յր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքով՝ որ ունէի քովդ աշխարհի ըլլալէն առաջ:Select John 17:5

6Բացայայտեցի քու անունդ այն մարդոց՝ որ տուիր ինծի աշխարհէն: Քուկդ էին՝ եւ ինծի տուիր զանոնք, ու պահեցին քու խօսքդ:Select John 17:6

7Հիմա գիտցան թէ ամէն ինչ որ տուիր ինծի՝ քեզմէ՛ է.Select John 17:7

8որովհետեւ այն խօսքերը որ տուիր ինծի՝ ես տուի անոնց, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմա՛րտապէս գիտցան թէ ես քեզմէ՛ ելայ, ու հաւատացին թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս:Select John 17:8

9Ես կը թախանձեմ անո՛նց համար. ո՛չ թէ կը թախանձեմ աշխարհին համար, այլ անոնց համար՝ որ դուն տուիր ինծի, որովհետեւ անոնք քուկդ են:Select John 17:9

10Եւ ամէն ինչ որ իմս է՝ քո՛ւկդ է, եւ ինչ որ քուկդ է՝ ի՛մս է, ու ես փառաւորուած եմ անոնցմով:Select John 17:10

11Ա՛լ ես աշխարհի մէջ չեմ. բայց անոնք աշխարհի մէջ են, ու ես կու գամ քեզի: Սո՜ւրբ Հայր, պահէ՛ քու անունովդ անոնք՝ որ դուն տուիր ինծի, որպէսզի մէ՛կ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք:Select John 17:11

12Մինչ անոնց հետ էի աշխարհի մէջ, զանոնք կը պահէի քու անունովդ: Անոնք որ դուն տուիր ինծի՝ ես պահեցի, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը կորսուեցաւ, բայց միայն՝ այն կորուստի որդին, որպէսզի գրուածը իրագործուի:Select John 17:12

13Ա՛լ հիմա կու գամ քեզի, եւ այս բաները կը խօսիմ աշխարհի մէջ, որպէսզի իմ ուրախութիւնս լման ըլլայ իրենց մէջ:Select John 17:13

14Քու խօսքդ տուի անոնց, եւ աշխարհը ատեց զանոնք՝ որովհետեւ աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ:Select John 17:14

15Չեմ թախանձեր որ վերցնես զանոնք աշխարհէն, հապա՝ որ պահես զանոնք չարէն:Select John 17:15

16Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ:Select John 17:16

17Սրբացո՛ւր զանոնք քու ճշմարտութեամբդ. քու խօ՛սքդ ճշմարտութիւն է:Select John 17:17

18Ինչպէս դուն աշխարհ ղրկեցիր զիս, ես ալ աշխարհ ղրկեցի զանոնք:Select John 17:18

19Անոնց համար ես զիս կը սրբացնեմ, որպէսզի իրենք ալ սրբացած ըլլան ճշմարտութեամբ:Select John 17:19

20Բայց կը թախանձեմ ո՛չ միայն ասոնց համար, այլ նաեւ անոնց համար՝ որ պիտի հաւատան ինծի իրենց խօսքով:Select John 17:20

21Որպէսզի բոլորն ալ մէ՛կ ըլլան, ինչպէս դուն՝ Հա՜յր՝ իմ մէջս, ու ես՝ քու մէջդ. որ անո՛նք ալ մէկ ըլլան մեր մէջ, որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս:Select John 17:21

22Այն փառքը՝ որ դուն տուիր ինծի, ես տուի անոնց, որպէսզի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք.Select John 17:22

23(ես՝ անոնց մէջ, ու դուն՝ իմ մէջս.) որպէսզի իրենք կատարելապէս մէկ ըլլան, եւ աշխարհը գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս, ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս սիրեցիր զիս:Select John 17:23

24Հա՜յր, անոնք որ տուիր ինծի, կ՚ուզեմ որ իրենք ալ ըլլան ինծի հետ՝ ո՛ւր որ ես եմ, որպէսզի տեսնեն իմ փառքս՝ որ տուիր ինծի. որովհետեւ դուն սիրեցիր զիս աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ:Select John 17:24

25Արդա՜ր Հայր, աշխարհը չճանչցաւ քեզ. բայց ես ճանչցայ քեզ, եւ ասոնք գիտցան թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս:Select John 17:25

26Քու անունդ ճանչցուցի անոնց, ու պիտի ճանչցնեմ. որպէսզի այն սէրը՝ որով դուն սիրեցիր զիս՝ ըլլայ անոնց մէջ, ու ե՛ս ալ անոնց մէջ»:Select John 17:26

Next: John 18Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

John

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.