Jude 1
Western NT
Translation: WESTERNARMENIAN
1Յուդա, Յիսուս Քրիստոսի ծառան ու Յակոբոսի եղբայրը, անոնց՝ որ Հայր Աստուծմով սրբացած, Յիսուս Քրիստոսով պահուած ու կանչուած են.Select Jude 1:1
2ողորմութիւն, խաղաղութիւն եւ սէր թող շատնան ձեր վրայ:Select Jude 1:2
3Սիրելինե՛ր, երբ ամբողջ փութաջանութեամբ կը գրէի ձեզի հասարակաց փրկութեան համար, հարկաւոր նկատեցի գրել ձեզի եւ յորդորել՝ որպէսզի պայքարիք այն հաւատքին համար, որ մէ՛կ անգամ աւանդուեցաւ սուրբերուն:Select Jude 1:3
4Որովհետեւ քանի մը մարդիկ - որոնց դատապարտութիւնը վաղուց արձանագրուած է՝՝ - գաղտնի մտան ձեր մէջ, ամբարիշտներ՝ որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը այլափոխեցին ցոփութեան, եւ ուրացան միակ Տիրակալն ու մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը:Select Jude 1:4
5Ուրեմն կը փափաքիմ յիշեցնել ձեզի, թէպէտ ժամանակին գիտէիք ասիկա, թէ Տէրը՝ որ փրկեց ժողովուրդը Եգիպտոսի երկրէն՝ երկրորդ անգամ կորսնցուց չհաւատացողները.Select Jude 1:5
6եւ այն հրեշտակները, որոնք չպահեցին իրենց սկզբնական դիրքը՝՝, հապա ձգեցին իրենց բնակութիւնը, յաւերժական կապերով վերապահեց մեծ օրուան դատաստանին համար՝ մթութեան մէջ:Select Jude 1:6
7Նմանապէս Սոդոմ ու Գոմոր, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջը եղած քաղաքները, որոնք անձնատուր եղան պոռնկութեան եւ ընթացան ուրիշ մարմինի ետեւէն, իբր օրինակ դրուած են մեր առջեւ, կրելով յաւիտենական կրակին վճիռը:Select Jude 1:7
8Նմանապէս այս ցնորածներն ալ կը պղծեն մարմինը, կ՚անարգեն տէրութիւնը ու կը հայհոյեն փառքերը:Select Jude 1:8
9Բայց Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ կը վիճէր Չարախօսին հետ՝ խօսելով Մովսէսի մարմինին մասին, չյանդգնեցաւ հայհոյալից դատավճիռ արձակել՝՝ անոր դէմ, հապա ըսաւ. «Տէ՛րը յանդիմանէ քեզ»:Select Jude 1:9
10Մինչդեռ ասոնք կը հայհոյեն այն բաները՝ որ չեն գիտեր. իսկ ինչ որ գիտեն բնականաբար, անբան կենդանիներու պէս, կ՚ապականին այդ բաներուն մէջ:Select Jude 1:10
11Վա՜յ անոնց, քանի որ գացին Կայէնի ճամբայէն, ինկան Բաղաամի մոլորութեան մէջ՝ վարձքի համար, եւ կորսուեցան Կորխի հակաճառութեամբ:Select Jude 1:11
12Ասոնք բիծեր են ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ, երբ խրախճանք կ՚ընեն ձեզի հետ, իրենք զիրենք արածելով առանց վախի: Անջուր ամպեր են՝ հովերէն քշուած, աշնանային խամրած պտուղով ծառեր, անպտուղ, երկու անգամ մեռած, արմատախիլ եղած.Select Jude 1:12
13ծովու վայրագ ալիքներ, որ կը փրփրցնեն իրենց ամօթը. մոլորած աստղեր, որոնց համար վերապահուած է խաւարին մթութիւնը յաւիտեան:Select Jude 1:13
14Ենովք ալ, եօթներորդը Ադամէն ետք, մարգարէացաւ ասոնց համար եւ ըսաւ. «Ահա՛ Տէրը կու գայ իր բիւրաւոր սուրբերով՝Select Jude 1:14
15դատաստան կիրարկելու բոլորին հանդէպ, ու կշտամբելու անոնց մէջ եղող բոլոր ամբարիշտները՝ իրենց ամբարշտութեամբ ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար, եւ բոլոր խիստ խօսքերուն համար՝ որ ամբարիշտ մեղաւորները խօսեցան անոր դէմ»:Select Jude 1:15
16Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք կ՚ընթանան իրենց ցանկութիւններուն համաձայն. իրենց բերանները կը խօսին յոխորտաբանութիւններ, ու երեսպաշտութիւն կ՚ընեն օգուտի համար:Select Jude 1:16
17Բայց դո՛ւք, սիրելինե՛ր, յիշեցէ՛ք այն խօսքերը՝ որ նախապէս ըսուեցան մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ:Select Jude 1:17
18Անոնք կ՚ըսէին ձեզի թէ “վերջին ժամանակը ծաղրողներ պիտի ըլլան, որոնք պիտի ընթանան իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններուն համաձայն”:Select Jude 1:18
19Ասոնք՝ իրենք զիրենք զատող, շնչաւոր մարդիկ են, որոնք չունին Հոգին:Select Jude 1:19
20Իսկ դո՛ւք, սիրելինե՛ր, շինելով դուք ձեզ՝ ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ, եւ աղօթելով Սուրբ Հոգիով,Select Jude 1:20
21պահեցէ՛ք դուք ձեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ, սպասելով մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ողորմութեան՝ յաւիտենական կեանքի համար:Select Jude 1:21
22Կարեկցեցէ՛ք ոմանց՝ զատորոշելով.Select Jude 1:22
23իսկ փրկեցէ՛ք ուրիշները, վախով յափշտակելով զանոնք կրակէն, ատելով մարմինէն ապականած բաճկոնն ալ:Select Jude 1:23
24Անոր՝ որ կարող է զերծ պահել ձեզ անկումէ, եւ անարատ կեցնել իր փառքին առջեւ՝ ցնծութեամբ,Select Jude 1:24
25մեր Փրկիչին՝ միա՛կ Աստուծոյ, (մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով) փա՜ռք ու մեծափառութի՜ւն, զօրութի՜ւն եւ իշխանութի՜ւն (բոլոր դարերէն առաջ,) հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ: Ամէն:Select Jude 1:25
Western NT (WESTERNARMENIAN) · Public Domain