Skip to content
Church.wiki
Matthew

Matthew 2

Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN
Start reading

1Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ՝ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա՛ արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ,Select Matthew 2:1

2եւ ըսին. «Ո՞ւր է ա՛ն՝ որ ծնաւ իբր Հրեաներուն թագաւորը. որովհետեւ մենք տեսանք անոր աստղը՝ արեւելքի մէջ, ու եկանք երկրպագելու անոր»:Select Matthew 2:2

3Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց՝ վրդովեցաւ, եւ իրեն հետ՝ ամբողջ Երուսաղէմը:Select Matthew 2:3

4Ապա, հաւաքելով բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին դպիրները, հարցափորձեց զանոնք թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը:Select Matthew 2:4

5Անոնք ալ ըսին իրեն. «Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ: Որովհետեւ սա՛ գրուած է մարգարէին միջոցով.Select Matthew 2:5

6“Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի՛ երկիր, Յուդայի կառավարիչներուն մէջ բնա՛ւ ամենափոքրը չես. որովհետեւ Կառավարիչ մը պիտի ելլէ քեզմէ, որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը”»:Select Matthew 2:6

7Այն ատեն Հերովդէս ծածկաբար կանչեց մոգերը, ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ժամանակը,Select Matthew 2:7

8եւ ղրկեց զանոնք Բեթլեհէմ՝ ըսելով. «Գացէ՛ք, ճշգրտութեա՛մբ տեղեկացէք մանուկին մասին, ու երբ գտնէք զայն՝ լո՛ւր բերէք ինծի, որպէսզի ե՛ս ալ երթամ՝ երկրպագեմ անոր»:Select Matthew 2:8

9Երբ անոնք թագաւորէն լսեցին այս խօսքը, մեկնեցան. եւ ահա՛ այն աստղը՝ որ տեսեր էին արեւելքի մէջ, կ՚երթար անոնց առջեւէն՝ մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ:Select Matthew 2:9

10Երբ տեսան աստղը, չափազանց ուրախացան:Select Matthew 2:10

11Եւ տուն մտնելով՝ տեսան մանուկը, իր մօր՝ Մարիամի հետ. իյնալով երկրպագեցին անոր, ու բանալով իրենց գանձերը՝ մատուցանեցին անոր ընծաներ.- ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:Select Matthew 2:11

12Ու երազի մէջ պատգամ ստանալով՝ որ չվերադառնան Հերովդէսի, ուրիշ ճամբայով մեկնեցան իրենց երկիրը:Select Matthew 2:12

13Երբ անոնք մեկնեցան, ահա՛ Տէրոջ հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփի եւ ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը, եւ փախի՛ր Եգիպտոս. հո՛ն կեցիր՝ մինչեւ որ քեզի ըսեմ, քանի որ Հերովդէս պիտի փնտռէ մանուկը՝ կորսնցնելու համար զայն»:Select Matthew 2:13

14Ան ալ ոտքի ելաւ, գիշերուան մէջ առաւ մանուկն ու անոր մայրը, մեկնեցաւ Եգիպտոս, եւ հոն էր մինչեւ Հերովդէսի վախճանիլը,Select Matthew 2:14

15որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած Տէրոջ խօսքը. «Եգիպտոսէ՛ն կանչեցի իմ որդիս»:Select Matthew 2:15

16Այն ատեն Հերովդէս, տեսնելով թէ խաբուեցաւ մոգերէն, սաստիկ զայրացաւ, ու ղրկեց՝ ջարդեց Բեթլեհէմի եւ անոր ամբողջ հողամասին մէջ եղող բոլոր մանուկները՝ երկու տարեկան ու անկէ վար, այն ժամանակին համեմատ՝ որ ստուգած էր մոգերէն:Select Matthew 2:16

17Այն ատեն իրագործուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Ռամայի մէջ լսուեցաւ ձայն մը, ողբ, լաց ու մեծ սուգ.Select Matthew 2:17

18Ռաքէլ կու լար իր զաւակներուն վրայ ու չէր ուզեր մխիթարուիլ, որովհետեւ չկային»:Select Matthew 2:18

19Երբ Հերովդէս վախճանեցաւ, Տէրոջ հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ երեւցաւ Յովսէփի՝ երազի մէջ, եւ ըսաւ.Select Matthew 2:19

20«Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը, եւ գնա՛ Իսրայէլի երկիրը, որովհետեւ մեռան անոնք՝ որ կը փնտռէին մանուկին անձը»:Select Matthew 2:20

21Ան ալ ոտքի ելաւ, առաւ մանուկն ու անոր մայրը, եւ եկաւ Իսրայէլի երկիրը:Select Matthew 2:21

22Իսկ երբ լսեց թէ Արքեղայոս կը թագաւորէր Հրէաստանի վրայ, իր հօր՝ Հերովդէսի տեղ, վախցաւ հոն երթալու. եւ երազի մէջ պատգամ ստանալով՝ մեկնեցաւ Գալիլեայի կողմերը,Select Matthew 2:22

23ու եկաւ բնակեցաւ Նազարէթ կոչուած քաղաքը, որպէսզի իրագործուի մարգարէներուն խօսքը. «Նազովրեցի պիտի կոչուի»:Select Matthew 2:23

Next: Matthew 3Continue reading

Western NT (WESTERNARMENIAN) · Public Domain

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Matthew

Selected verses

Tap another verse to select a range.

Highlight

My Bible

Listen

Uses an English voice provided by your browser.