Philippians 3
Armenian, Western NT
Translation: WESTERNARMENIAN
Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources
1Վերջապէս, եղբայրնե՛րս, ուրախացէ՛ք Տէրոջմով: Արդարեւ նոյն բաները գրել ձեզի՝ ձանձրոյթ չէ ինծի, բայց ապահովութիւն է ձեզի:Select Philippians 3:1
2Զգուշացէ՛ք շուներէն, զգուշացէ՛ք չար գործաւորներէն, զգուշացէ՛ք թլփատութենէն.Select Philippians 3:2
3որովհետեւ թլփատութիւնը մե՛նք ենք, որ կը պաշտենք Աստուած Հոգիո՛վ եւ կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսո՛վ, ու վստահութիւն չունինք մարմինի վրայ.Select Philippians 3:3
4թէեւ ե՛ս ալ ունենալու էի նոյն վստահութիւնը մարմինի վրայ: Եթէ ուրիշ մէկը կը կարծէ թէ վստահութիւն ունի մարմինի վրայ, ա՛լ աւելի ե՛ս՝Select Philippians 3:4
5ութերորդ օրը թլփատուած, Իսրայէլի ցեղէն, Բենիամինի տոհմէն, Եբրայեցի մը՝ Եբրայեցիներէն, Օրէնքին համեմատ՝ Փարիսեցի,Select Philippians 3:5
6նախանձախնդրութեան համեմատ՝ եկեղեցին կը հալածէի, Օրէնքէն եղած արդարութեան համեմատ՝ անմեղադրելի էի:Select Philippians 3:6
7Բայց ինչ որ շահ էր ինծի, վնաս համարեցի զայն՝ Քրիստոսի համար:Select Philippians 3:7
8Ու նոյնիսկ բոլոր բաներն ալ վնաս կը համարեմ՝ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսի գիտութեան գերազանցութեան համար: Բոլոր բաներէն զրկուեցայ անոր համար, եւ աղբ կը համարեմ զանոնք, որպէսզի շահիմ ՔրիստոսըSelect Philippians 3:8
9ու գտնուիմ իր մէջ, ունենալով ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս՝ որ Օրէնքէն է, հապա ա՛յն՝ որ Քրիստոսի հաւատքին միջոցով է, արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէ է՝ հաւատքով.Select Philippians 3:9
10որպէսզի ճանչնամ զինք եւ իր յարութեան զօրութիւնը, ու հաղորդակից ըլլամ իր չարչարանքներուն՝ կերպարանակից դառնալով իր մահուան,Select Philippians 3:10
11որպէսզի կարենամ հասնիլ՝՝ մեռելներուն յարութեան:Select Philippians 3:11
12Ո՛չ թէ ես արդէն ստացած եմ մրցանակը, կամ արդէն կատարեալ եղած եմ. հապա հետամուտ եմ բռնելու զայն, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէ:Select Philippians 3:12
13Եղբայրնե՛ր, ես չեմ սեպեր թէ բռնած եմ: Հապա կ՚ընեմ սա՛ մէկ բանը. մոռցած եմ ետեւի եղածները, եւ կը դիմեմ առջեւի եղածներուն:Select Philippians 3:13
14Կը հետապնդեմ նպատակակէտը՝ Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին համար:Select Philippians 3:14
15Ուրեմն մենք բոլորս՝ որ կատարեալ ենք՝ մտածե՛նք այսպէս. իսկ եթէ տարբեր կերպով մտածէք բանի մը մասին, Աստուած զա՛յն ալ պիտի յայտնէ ձեզի:Select Philippians 3:15
16Սակայն ի՛նչ աստիճանի որ հասած ենք՝ ընթանա՛նք նոյն կանոնին համաձայն, մտածե՛նք նոյնպէս:Select Philippians 3:16
17Եղբայրնե՛ր, բոլորդ միասին նմանեցէ՛ք ինծի, եւ ուշադի՛ր եղէք անո՛նց՝ որ կ՚ընթանան ա՛յնպէս՝ ինչպէս մենք, որ ունիք իբր տիպար:Select Philippians 3:17
18Որովհետեւ շատեր կ՚ընթանան, որոնց մասին յաճախ կ՚ըսէի ձեզի եւ հիմա կ՚ըսեմ՝ նոյնիսկ լալով, այսինքն՝ Քրիստոսի խաչին թշնամիները.Select Philippians 3:18
19անոնց վախճանը կորուստ է, անոնց աստուածը՝ իրենց որովայնն է, ու անոնց փառքը՝ իրենց ամօթն է: Անոնք կը մտածեն միայն երկրային բաներու մասին.Select Philippians 3:19
20իսկ մեր քաղաքացիութիւնը երկինքն է, ուրկէ կը սպասենք Փրկիչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի,Select Philippians 3:20
21որ պիտի կերպարանափոխէ մեր նուաստացած մարմինը՝ կերպարանակից ըլլալու իր փառաւոր մարմինին, այն ներգործութեան համեմատ՝ որ կարող է նաեւ ամէն ինչ հպատակեցնել իրեն:Select Philippians 3:21
Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation