Skip to content
Church.wiki
Revelation

Revelation 8

Armenian, Western NT

Translation: WESTERNARMENIAN

Modern translations such as the NIV or ESV are not available yet. They need a license, and we will add them when one is in place. All translations and their sources

Start reading

1Երբ բացաւ եօթներորդ կնիքը, լռութիւն եղաւ երկինքը՝ կէս ժամու չափ:Select Revelation 8:1

2Ու տեսայ այն եօթը հրեշտակները՝ որ կայնած էին Աստուծոյ առջեւ. եօթը փողեր տրուեցան անոնց:Select Revelation 8:2

3Ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ եւ կայնեցաւ զոհասեղանին առջեւ. ան ունէր ոսկիէ խնկանոց մը, ու շատ խունկ տրուեցաւ իրեն, որպէսզի ընծայէ բոլոր սուրբերուն աղօթքներուն հետ՝ գահին առջեւ եղող ոսկիէ զոհասեղանին վրայ:Select Revelation 8:3

4Եւ խունկերուն ծուխը՝ սուրբերուն աղօթքներուն հետ՝ հրեշտակին ձեռքէն բարձրացաւ Աստուծոյ առջեւ:Select Revelation 8:4

5Ապա հրեշտակը առաւ խնկանոցը, լեցուց զայն զոհասեղանին կրակէն, ու նետեց երկրի վրայ. եւ ձայներ, որոտումներ, փայլակներ ու երկրաշարժ եղան:Select Revelation 8:5

6Եւ եօթը հրեշտակները, որ ունէին եօթը փողերը, պատրաստուեցան հնչեցնելու զանոնք:Select Revelation 8:6

7Առաջին հրեշտակը հնչեցուց փողը, եւ արիւնով խառնուած կարկուտ ու կրակ եղաւ եւ նետուեցաւ երկրի վրայ. (երկրի մէկ երրորդը այրեցաւ,) ծառերուն մէկ երրորդը այրեցաւ, ու ամէն կանաչ խոտ այրեցաւ:Select Revelation 8:7

8Երկրորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, եւ հրավառ մեծ լերան պէս բան մը նետուեցաւ ծովը. ծովուն մէկ երրորդը արիւն եղաւ,Select Revelation 8:8

9ծովուն մէջ ապրող արարածներուն մէկ երրորդը մեռաւ, ու նաւերուն մէկ երրորդը փճացաւ:Select Revelation 8:9

10Երրորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու երկինքէն մեծ աստղ մը ինկաւ՝ ջահի պէս վառելով. ան ինկաւ գետերուն մէկ երրորդին եւ ջուրերու աղբիւրներուն վրայ:Select Revelation 8:10

11Այդ աստղին անունը Օշինդր էր, ու ջուրերուն մէկ երրորդը օշինդր եղաւ, եւ շատ մարդիկ մեռան ջուրերէն՝ քանի որ դառնացած էին:Select Revelation 8:11

12Չորրորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու արեւին մէկ երրորդը զարնուեցաւ, նաեւ լուսինին մէկ երրորդը եւ աստղերուն մէկ երրորդը. հետեւաբար անոնց մէկ երրորդը խաւարեցաւ, օրուան մէկ երրորդը չլուսաւորուեցաւ, նմանապէս՝ գիշերուան:Select Revelation 8:12

13Տեսայ, ու լսեցի երկինքի մէջտեղէն թռչող հրեշտակ մը՝ որ բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ երկրի բնակիչներուն՝ այն միւս փողի ձայներուն համար, որ երեք հրեշտակները պիտի հնչեցնեն»:Select Revelation 8:13

Next: Revelation 9Continue reading

Armenian, Western NT (WESTERNARMENIAN). Public domain. Text from the CrossWire Bible Society module. About this translation

Reading settings

Choose a passage

Old Testament

New Testament

Revelation

Selected verses

Select another verse to extend the range.

Highlight

My Bible

About this name

Listen

Uses an English voice provided by your browser.